Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը պատրաստուի հոկտեմբերին մեկնիլ Հարաւային Քորէա` Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան առեւտուրի նախարարներու հանդիպումին մասնակցելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` յղում կատարելով Թրամփի վարչակազմէն երեք պաշտօնատարներու:
Ըստ վերջիններուս, հաւանական է, որ Թրամփ հանդիպում ունենայ Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկի հետ:
«Սի.Էն.Էն.»-ի համաձայն, վեհաժողովը նախատեսուած է կատարել Քիոնջու քաղաքին մէջ հոկտեմբերի վերջաւորութեան եւ նոյեմբերի սկիզբը: Մանրամասնութիւնները տակաւին կը յստակացուին, եւ անյայտ է` արդեօք Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր այցելութեան ընթացքին կրնա՞յ այլ կանգառներ աւելցնել:
«Կը քննարկուի Հարաւային Քորէա այցելութիւնը, որ պիտի կեդրոնանայ տնտեսական համագործակցութեան վրայ», «Սի.Էն.Էն.»-ին ըսած է Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը: