Ռուսական բանակը 7 սեպտեմբերի գիշերը զանգուածային յարձակում սկսած է Քիեւի վրայ: Անօդաչու թռչող սարքի հաւանական խոցման ժամանակ կառավարութեան շէնքին մէջ հրդեհ բռնկած է: Այս մասին «Առ.Պի.Քէյ-Եուքրէյն»-ին յայտնած է Ուքրանիոյ մայրաքաղաքի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքօ:
«Փեչերսքի շրջանին մէջ, անօդաչու թռչող սարքի հաւանական խոցման հետեւանքով կառավարութեան շէնքին մէջ հրդեհ բռնկած է», ըսած է ան:
Քլիչքօ նաեւ աւելցուցած է, որ Սվիոթոշինսքի շրջանին մէջ եւս կ՛այրին պահեստներ:
«Առ.Պի.Քէյ.-Եուքրէյն» կը հաղորդէ, որ 7 սեպտեմբերի գիշերը ռուսերը զանգուածային եւ համակարգուած յարձակում սկսած են Ուքրանիոյ, մասնաւորաբար մայրաքաղաքին վրայ:
Ռուսական բանակը աշխուժօրէն անօդաչու թռչող սարքեր արձակած են Քիեւի վրայ: Հրթիռակոծութեան պատճառով քաղաքին մէջ վնասուած են քանի մը բազմայարկ բնակելի շէնքեր եւ ինքնաշարժներ, եղած են հրդեհներ:
Բացի ատկէ, հրետակոծութեան պատճառով արձանագրուած են տասնեակէ աւելի վիրաւորներ եւ զոհեր, որոնց շարքին մէկ տարեկան երեխայ մը:
Առաւօտեան ռուսական զօրքերը թեւաւոր հրթիռներ արձակած են Քիեւի վրայ: Այս յարձակումի լոյսին տակ լսուած են հզօր պայթումներ: