Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինը հրաւիրած է Քիեւ` բանակցութիւններու, ընդգծելով, որ ինք չի կրնար Մոսկուա երթալ:
Ուքրանիոյ նախագահը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է. «Ան կրնայ Քիեւ գալ: Ես չեմ կրնար Մոսկուա երթալ, երբ իմ երկիրը հրթիռներու տակ է, ամէն օր յարձակման տակ է: Ես չեմ կրնար երթալ ահաբեկիչի մայրաքաղաք»:
Զելենսքի աւելցուցած է, որ Փութինի` Մոսկուայի մէջ հանդիպելու առաջարկը նպատակ ունի յետաձգել բանակցային հոլովոյթը:
Անոր համաձայն, Ռուսիոյ նախագահը «Միացեալ Նահանգներու հետ խաղեր կը խաղայ» եւ կը հասկնայ Մոսկուայի մէջ հանդիպման անկարելիութիւնը:
Փութին անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ պատրաստ է Զելենսքիի հետ Մոսկուայի մէջ հանդիպելու եւ անոր այդ նպատակով անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելու: