Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օվերչուք. «Հարաւային Կովկասի Մէջ Արտաշրջանային Դերակատարներու Հաւանական Ներկայութիւնը Մտահոգիչ Է»

Սեպտեմբեր 8, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Կովկասի մէջ արտաշրջանային դերակատարներու հաւանական ներկայութիւնը մտահոգիչ է, մտավախութիւն կայ, որ անոնց ներկայութիւնը պիտի խախտէ ստեղծուած հաւասարակշռութիւնը այս շատ փխրուն շրջանին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցի մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:

Օվերչուք Արեւելեան տնտեսական ֆորումի մէջ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիոյ մօտ վտանգներ կան` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի վերահսկողութիւնը 99 տարուան ժամկէտով Միացեալ Նահանգներու փոխանցելու հետ, յայտնած է. «Կարելի չէ ըսել, որ մտահոգութիւն կայ Հարաւային Կովկասի մէջ արտաշրջանային ներկայացուցիչներու հաւանական ներկայութեան վերաբերեալ: Մտավախութիւն կայ, որ նման ներկայութիւնը պիտի խախտէ ստեղծուած հաւասարակշռութիւնը այս շատ փխրուն շրջանին մէջ»:

Ան ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Մոսկուան Երեւանի հետ քննարկած է Հայաստանի հարաւին մէջ փոխադրամիջոցային ուղիի հարցը, եւ Մոսկուան կը կարծէ, որ անիկա պիտի նպաստէ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կապի ամրապնդման:

«Ի հարկէ, մենք այս հարցը քննարկած ենք Երեւան կատարած այցելութեանս եւ Ասթրախանի մէջ Ազրպէյճանի գործընկերներու հետ հանդիպումներու ընթացքին: Մենք ունինք պատկերացում, թէ ատիկա ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ», ըսած է Օվերչուք:

«Նման ճամբու կառուցումը պիտի նպաստէ Եւրասիոյ համար հասարակաց փոխադրամիջոցային շրջանակի ձեւաւորման: Եւ եթէ նման ճամբայ ըլլայ, անիկա նաեւ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կապին: Մեր գնահատականներով` ասիկա, հաւանաբար, պիտի ըլլայ մեր երկիրներուն միջեւ ապրանքներու տեղափոխման հիմնական ճամբան»:

Նախորդը

Աուն Զօր. Քուփըրին Կոչ Ուղղեց Ճնշում Բանեցնելու Իսրայէլի Վրայ, Որպէսզի Հեռանայ Լիբանանէն

Յաջորդը

Յառաջիկայ Օրերուն Հայաստանի Մէջ Ռուբինեան-Քըլըչ Հանդիպում

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?