Երէկ Մաարապի մէջ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նահատակներու յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Արարողութեան ներկայ կը գտնուէր նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան:
Յիշատակի արարողութեան ընթացքին խօսք արտասանեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ ըսաւ. «50 տարիէ ի վեր մենք կը պայքարինք, դէմ կը դնենք եւ սուղ գիներ կը վճարենք, մեր սկզբունքներէն ոչ մէկ զիջում կատարեցինք, եւ 50 տարի ետք յայտնի դարձաւ, որ մեր նահատակներուն թափած արիւնը յումպէտս չհոսեցաւ»: Ժահժահ յայտնեց. «Յանդգնեցանք հոն, ուր ուրիշներ չկրցան յանդգնիլ, որպէսզի մնայ Լիբանանը, եւ մեզի մնան ազատութիւնը եւ գերիշխանութիւնը, եւ կը յանդգնինք այսօր եւ միշտ ու մնայուն կերպով պիտի յանդգնինք, որպէսզի մնանք եւ գոյատեւենք ամբողջական գերիշխանութիւն վայելող հայրենիքի եւ պետութեան մէջ»: «Այսուհետեւ այլեւս պիտի չընդունինք, որ որոշումը 100 առ հարիւր լիբանանեան չըլլայ», աւելցուց ան: