Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Իսրայէլի Աքիլէսեան Կրունկները

Սեպտեմբեր 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի կառավարութեան սպասուած նիստը նոյնքան սպասուած արդիւնք ունէր: Շիի համայնքի նախարարները լքած են կառավարութեան նիստերու դահլիճը այն պահուն, որ զինաթափումի օրակարգը քննարկումի հուն մտած է: Դիրքորոշումի քաղաքական տրամաբանութիւնը պարզ է: Զինաթափում կարելի չէ քննել, այնքան ատեն որ Իսրայէլ չի յարգեր իրեն վերապահուած յանձնառութիւնները: Կը շարունակէ վերահսկել լիբանանեան գերիշխան տարածքներ, խախտել հրադադարը, հատել լիբանանեան օդային տարածքները եւ թիրախաւորել ու հարուածել Հըզպալլայի հետ այս կամ այն կերպով կապ ունեցող անձնաւորութիւններ:

Կառավարութեան մօտեցումը այլ է: Զէնքի մենաշնորհումը իրականացնելու առընթեր պահանջել Իսրայէլի կողմէ ոտնձգութիւններու դադրեցումը: Բանակի հրամանատարին ներկայացուցած նախագիծի մանրամասնութիւնները յստակ չեն: Պարզ է, որ գործընթացը փուլային է եւ ամսական զեկուցում պիտի ներկայացուի, ըստ տեղեկատուութեան նախարարութեան պաշտօնական լրատուութեան, զէնքի ստանձնման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ: Նախագիծը ողջունուած է կառավարութեան կողմէ:

Իսրայէլի մօտեցումը բոլորովին այլ է: Իր կողմէ որեւէ յանձնառութիւն չի կատարուիր, այնքան ատեն որ չէ զինաթափուած Հըզպալլան: Ընդ որում ոչ թէ ռազմապաշարը յանձնած լիբանանեան բանակին, այլ ոչնչացուցած զայն: Իսրայէլի պահանջածը ոչ թէ Հըզպալլայի, այլ ընդհանրապէս Լիբանանի անձնատուութիւնն է:

Պաշտօնական Թել Աւիւին ներկայացուած ամերիկեան փաստաթուղթին նկատմամբ չկայ իսրայէլեան համաձայնութիւն: Այսինքն` Իսրայէլ կը մերժէ ոչ միայն ՄԱԿ-ի թիւ 1701-ը, այլ նաեւ ամերիկեան փաստաթուղթը:

Շարունակելով վերահսկել լիբանանեան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ, արգելակելով Լիբանանի հարաւի վերականգնողական աշխատանքները, Հըզպալլան լիբանանեան տարածքներու վրայ կ՛իրականացնէ սպանութիւններ, գործողութիւններ: Միջազգային ճնշումը միակողմանի է եւ առանց ագուցելու միւս կէտերուն նախ եւ առաջ կը պահանջուի զէնքի մենաշնորհումը: Ագուցուած փաթեթային կէտերը թուղթի վրայ են: Գետնի վրայ ճնշումը մէկ օրակարգի վրայ է: Յանձնել զէնքերը: Աւելի ճիշդը` ոչնչացնել զինամթերքը:

Այս հանգամանքներով հանդերձ լիբանանեան կառավարութեան նիստը չէ խափանուած: Կառավարութիւնը շարունակած է իր աշխատանքը եւ ողջունելու բանաձեւ արձանագրած ներկայացուած ծրագիրին:

Այս բոլորը պատճառ չդարձան, որ գէթ մինչ այժմ ցնցումնային իրավիճակ ստեղծուի: Անորոշութիւն` այո, բայց կը թուի, որ մեծ բախումնային  կացութեան անմիջական շեմին չենք: Հիմա Իսրայէլը կեդրոնացած է ամբողջ Կազան իր վերահսկողութեան տակ առնելու: Այնտեղ եւս գործընթացները կ՛ընթանան միակողմանի, Իսրայէլի կողմէ ճշդած խաղի կանոններով: Կազան ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առնելու ռազմական որոշումի գործադրութեան թոհուբոհին մէջ եւրոպական երկիրներ պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու որոշում կը կայացնեն եւ կ՛ուղղուին դէպի ՄԱԿ, այդ ճանաչումը միջազգայնացնելու համար: Յանկարծ… Միացեալ Նահանգներ մուտքի արտօնագիր չշնորհելու որոշում կը հրապարակէ պաղեստինցի դիւանագէտներուն:

Երկու պետութեան լուծումը կը թուի, որ կ՛առկախուի այս ձեւով: Չի նշանակեր, որ ընդհանրապէս դուրս կու գայ օրակարգէն, սակայն Թել Աւիւը Ուաշինկթընի ճամբով կ՛արգելակէ այդ գործընթացը մետասաներորդ պահուն: Այսքան ժամանակ ետք Կազայի միայն քառասուն առ հարիւրին կը վերահսկէ Իսրայէլը, հակառակ տասնեակ հազարաւորներով զոհեր խլելուն: Թէկուզ խափանելով, երկու պետութեան լուծումը դամոկլեան սուրի նման կը շարունակէ ճօճուիլ, իսկ լիբանանեան դիմադրութեան զինաթափումը մինչ այժմ իրականացուելու նախադրեալներ չի փոխանցեր:

Այս հանգամանքներն ալ իրականութիւն են եւ կը խօսին Իսրայէլի աքիլէսեան կրունկներուն մասին: Հատուածներ, որոնք Միացեալ Նահանգներու համար խաղադրոյթային են:

«Ա.»

Նախորդը

Ոչ Եւս Է «Մարմարա»-ի Վաստակաշատ Խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (8 Սեպտեմբեր 2025)

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?