ՄԱՐԳՕ ԽՈՐՇԻՏԵԱՆ
Արցախի մէջ իր կեանքը ազգին ու հայրենիքին զոհաբերած լիբանանահայ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեան ծնած է 28 նոյեմբեր 1967-ին, Լիբանանի Պէյրութ մայրաքաղաքը: 11 տարեկանին ընտանիքը Սուրիայէն կը վերադառնայ Լիբանան: Ան կը յաճախէ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ, մաս կը կազմէ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան, ապա` ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին: Մհերը կ՛ուսանի Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ` բնագիտութեան մասնագիտութեամբ, եւ ապա ուսումը կը շարունակէ` խորանալով երկրաբանութեան մէջ, Հայրենիքին առաւել ծառայելու ձգտումով: 1990-ի հոկտեմբերին, իր երդումը տալէ ետք, կ՛անցնի Զաւարեան ուսանողական միութեան շարքերը: Միութենական կեանքի մէջ կը ստանձնէ զանազան պաշտօններ, սակայն իրեն համար կարեւորագոյն աշխատանքը պատանիներուն հետ էր: ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան վարիչն էր 3 տարի, ուր իր գործը կը վարէր ամենայն պարտաճանաչութեամբ, իր ուսման եւ գիտական պարապմունքներուն զուգահեռ: Առաւել եւս, 2 տարի բնագիտութիւն կը դասաւանդէ Ազգային Գէորգ Չաթալպաշեան եւ գերմանական երկրորդական վարժարաններուն մէջ:
Նահատակ հերոս Մհեր ունէր պարտականութեան մեծ գիտակցութիւն, գտած էր հաւասարակշռութիւնը միութենական կեանքի, սիրոյ- ընտանիքի եւ ուսում-գործի միջեւ: Ան կը սիրէր բոլորը եւ սիրուած էր բոլորին կողմէ: Կարգապահ էր, ինչպէս նաեւ` ճշգրիտ եւ հետեւողական, խստապահանջ էր աշխատանքի մէջ, քաջ էր ու խիզախ, նոյն ատեն` ժպտուն եւ լաւատես: Քիչ խօսող, բայց շատ գործող, լրջութեամբ եւ խորապէս կը հարցադրէր միտքեր` իսկական գիտական մտածողութեամբ լեցուն, ուր ազգն ու կուսակցութիւնը պիտի կարենային անվերջ օգտուիլ իրմէ:
Երբ Լիբանանը կը ճարճատէր պատերազմի կրակներուն մէջ, երբ իւրաքանչիւր օր նոր զոհեր ու վիրաւորներ կային, երբ ոչ ոք գիտէր` ի՛նչ պիտի ըլլայ յաջորդ օրն իսկ, Մհեր կը տագնապէր, կը խօսէր ու կը մտածէր Հայաստանի ու Արցախի մասին: Մհեր երբ զգաց, որ Արցախը վտանգի տակ է, արդէն սկսաւ ֆիզիքապէս եւ մտաւորապէս պատրաստուիլ մեկնելու եւ այնտեղ գործելու:
Լիբանանի հայահոծ թաղերու պաշտպանելու աշխատանքներուն կը մասնակցի, ապա կը մեկնի դէպի Արցախ, ուր կը զոհուի 23 օգոստոս 1993-ին, Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մերձակայքը, ականի պայթիւնի իբրեւ հետեւանք: Իրեն հետ նաեւ կը զոհուին` Մերուժան Մոսիեան, Արտակ Մնացականեան, Լեւոն Համբարձումեան եւ Ռուդիկ Աւագեան: Մհերի հոգին երկնքին մէջ կը սաւառնի Արցախի, Սասունի եւ Պէյրութ-Պուրճ Համուտի միջեւ:
Մհերը եղաւ այն նահատակ տիպարը, որուն մէջ մանաւանդ Լիբանանի ուսեալ երիտասարդութիւնը գտաւ իր անձն ու էութիւնը, որովհետեւ Մհեր Ջուլհաճեանը գտաւ միջինը սիրոյ, ուսումի եւ միութենական կեանքին մէջ եւ յաջողեցաւ երեքին մէջն ալ: Մհերը գործեց ժամանակաշրջանին համապատասխան, հասաւ հայրենիքին, երբ ան կարիք ունէր իր հայորդիներուն, ժամանակին եւ պայմաններուն համաձայն, գիտակցեցաւ` ե՛րբ ո՛ւր ըլլալ: Դարձաւ ուսուցիչ-վարիչ-վարչական (Լիբանան), ապա` ազատամարտիկ (Արցախ): Ընկեր Մհեր Ջուլհաճեան ամէնէն մեծ փաստն է, որ ուսանող երիտասարդ հայը, որքան որ ալ լաւ կեանք ապրի, պէտք է լաւապէս ու նուիրումով գործէ իր միութենական աշխատանքներուն մէջ: Երբ հայրենիքը կարիքը ունի իրեն, պէտք է հոն ըլլայ եւ կեանքի գնով պաշտպանէ զայն:
«Դէպի Երկիր»-ի գաղափարապաշտը այսօր, աւելի քան երբեք, պէտք է դրոշմուած մնայ իւրաքանչիւրիս մտքին եւ հոգիին մէջ:
Մհերի գործն անաւարտ մնաց, բայց մի՞թէ՞ անաւարտ չէ նաեւ անմահութիւնը…