Երբ փորձառութիւն մը շատ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ մեր վրայ, կը դժուարանանք զայն բացատրել կարճ ձեւով կամ յօդուածով մը, կը դժուարանանք նոյնիսկ արտայայտուելու, որովհետեւ չենք կրնար որոշել ո՛ր կէտին վրայ կեդրոնանալ: Իրապէս այս էր իմ տպաւորութիւնս ՀՅԴ-ի 12-րդ համահայկական բանակումէն: Այնքան խոր ու ամբողջական էր փորձառութիւնը, որ մեզ տպաւորեց բազմաթիւ տարբեր միջոցներով` ըլլայ ազգային արժէքներու ամրապնդումով, ըլլայ յեղափոխական ոգիով, քաղաքական քննարկումներով, ընկերային կեանքով, հայրենիքի սիրով, պայքարի կամքով…
Սակայն եթէ իսկապէս պիտի փորձեմ կարճ ու ամփոփ կերպով նկարագրել բանակումին` իմ վրայ ձգած խոր տպաւորութիւնը, միտքիս մէջ կ՛արձագանգէ «Պիտի՛ վերադառնանք» լոզունգը: Ոչ միայն որովհետեւ ան լոզունգն էր բանակումին, այլ որովհետեւ դէպի Արցախ վերադարձի կամքը ամէն օր ու ամէն պահ մեր բոլորին սրտերուն մէջ կ՛այրէր: 17 տարբեր երկիրներէ եկած էինք, սակայն այդ տարբերութիւնը չզգացինք. բոլորին մէջ ծագեցան` նոյն նուիրումը, նոյն երազը, նոյն երդումը: Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ բոլորս նոյն ենք, նոյն ցաւն ու կորուստը կը բաժնենք, նոյն տեսլականին կը հաւատանք, նոյն պայքարը կը մղենք:
Արցախահայութեան վերադարձը դէպի Արցախ պահանջ է ոչ միայն արցախահայութեան կողմէ, այլ նաեւ` ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած հայ երիտասարդութեան: Մենք հաստա՛տ պիտի վերադառնանք: Պիտի ազատագրենք: Պիտի շարունակենք պայքարը մինչեւ վերջ:
Բանակումի օրակարգին վրայ տեղ գտած ուխտագնացութիւնները եւս մեծապէս դաստիարակիչ էին: Արցախի ազատագրումը առաջնահերթութիւն է, բայց կարեւոր է նաեւ ազգային արժէքներու պահպանումը: Օրինակ` Էջմիածին այցելութիւնը մեր մէջ վերարթնցուց այն գիտակցութիւնը, որ Հայ եկեղեցին միայն կրօնական կառոյց չէ, այլ` սրբութիւն մը, որ դարերու ընթացքին եղած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր յենարանը: Անիկա ազատութեան ու հաւատքի խարիսխն է, որ միշտ ճնշման ու կործանման փորձերու ենթարկուած է թշնամիին կողմէ:
Սարդարապատ այցելութիւնը եղաւ կենդանի վկայութիւն, որ նոր ազատամարտերու պատրաստ ենք, պատրաստ` կերտելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան: Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը դարձաւ հաւատարմութեան ու յիշողութեան խորհրդանիշ, վկայութիւն մը, որ մենք մեր պատմութիւնը երբեք չենք մոռնար, մեր Դատը միշտ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին: Իսկ Եռաբլուր այցելութիւնը անմոռանալի երդումի վերածուեցաւ, որ պիտի շարունակենք մեր հերոսներուն սկսած պայքարը, պիտի շարունակենք իրենց յանձնառութիւնը` իբրեւ մեր սերունդին պարտքը:
Այս բոլորը միասին բանակումին տուած են անփոխարինելի կրթական ու դաստիարակչական ուժ: Դաշնակցական երիտասարդի կամ ուսանողի մը համար իրական բախտաւորութիւն մըն էր մասնակցիլ այս համահայկական բանակումին, ոչ միայն որովհետեւ իբրեւ երիտասարդութիւն համախմբուեցանք, ծանօթացանք տարբեր միութիւններու եւ գիտելիքներ փոխանակեցինք, այլ որովհետեւ ամրապնդեցինք մեր կապը երէց սերունդին հետ: Մեր շփումը իրենց հետ, մեր զրոյցները եւ իրենց փորձառութիւններուն փոխանցումը դարձան դասագիրք մը, որ պիտի առաջնորդէ մեզ մեր իսկ ուղիին վրայ:
Բանակումը փաստեց, որ ո՛չ ոք, ո՛չ մէկ դժուարութիւն եւ ո՛չ մէկ քաղաքական իրողութիւն կրնայ զրկել հայ երիտասարդը իր վերադարձի կամքէն: Մեր պայքարը յաւերժ է: Համաշխարհայնացման այս ժամանակաշրջանին դաշնակցական երիտասարդը կը մնայ ամուր` իր ինքնութեամբ, իր մշակոյթով, իր լեզուով: Ան ոչ միայն քաղաքական կեցուածք ունի, այլ նաեւ մշակութային առաքելութիւն` պահել, զարգացնել եւ սերունդէ սերունդ փոխանցել այն ժառանգութիւնը, որ մեզ կ՛ընծայէ մեր գոյութեան իմաստը:
Յատուկ խորհուրդ ունէր մեզի համար նաեւ Արցախի մշակոյթին նուիրուած օրը: Այդ օրը մեզի յիշեցուց, որ Արցախը միայն հող կամ սահման չէ, այլ` մշակոյթ, ոգի եւ պատմութիւն, որ պիտի ապրի ու գոյատեւէ: Ահա՛ ճշմարիտ ուժը, որ թշնամին երբեք չի կրնար խլել մեզմէ` կամքը ապրելու եւ վերադառնալու:
Այս բոլորը միասին կը կազմեն պատգամ մը, որ հայ երիտասարդը, ո՛ւր ալ ըլլայ, պիտի չզիջի: Պիտի պայքարի: Պիտի պահէ իր մշակոյթը եւ պիտի կերտէ իր ապագան: Իսկ մեր ապագան յստակ է` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան, ազատագրուած Արցախ եւ ինքնիշխան Հայաստան: