Սանթոս ակումբը Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին յայտնեց, որ Նէյմար փորձի պահուն ցաւ զգացած է եւ քննութեան արդիւնքներու հիման վրայ ան առնուազն մէկ շաբաթ հեռու պիտի մնայ կանաչ դաշտերէն:
Այս ձեւով Նէյմարի վերադարձը ազգային խումբ կրնայ ուշանալ, մանաւանդ որ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի 2026-ի մոնտիալի զտումի յաջորդ երկու մրցումներուն (Չիլիի եւ Պոլիվիոյ դէմ) կազմը պիտի յայտարարէր այսօր:
Նէյմար, որ սկսած էր բուժումներու, հաւանաբար վերադառնայ Ֆլումինենսէի դէմ 31 օգոստոսին, եթէ անշուշտ ամէն ինչ բնական ընթանայ:
Նէյմար իր վերջին 7 մրցումներուն 90 վայրկեան կը խաղար, եւ բաւական լաւ ելոյթներով վերադարձած էր իր մակարդակին:
Արդեօք Անչելոթթի զինք նկատի կ՛առնէ՞ 4 սեպտեմբերի մրցումին (Չիլիի դէմ), յստակ չէ: Բան մը յստակ է միայն, որ Պրազիլ արդէն իսկ շահած է մոնտիալին մասնակցելու իր տոմսը: