«Հոս հեքիաթին օրէնք(ներ)ը պէտք եղաւ փոխել`
չիյնալու համար հրաշքի հմայքին բռնութեան տակ:
Ի վերջոյ, երեխայ չենք,
հեքիաթին օրէնքները մենք գրեր ենք»
Վ. ՕՇԱԿԱՆ
Ա.- Նախաբան
Սկիզբը` Պօղոս Սնապեանէն վկայութիւն մը. «Վահէ Օշական, առաւել քան` ոեւէ ուրիշ մը, ճանչցաւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հետ` աշխարհի քաղաքակրթութիւնները, տարբեր մշակոյթները, հայութեան հետ այս կամ այն կապերով կապուած աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու զաւակները, որոնք բաւական տեղ գրաւած են իր էջերուն մէջ` տիպարային, միջավայրային, լեզուական թէ մտայնութեանց միջամտութեամբ, առաւել եւս տեսանելի դարձնելով սփիւռքի գրականութեան սփիւռքային երանգները»:
Վստահաբար այս վկայութիւնը նպաստաւոր է Վ. Օշականի «աշխարհասփիւռ հայութիւն»-
ը եւ «աշխարհի քաղաքակրթութիւններ»-ը հասկցած ըլլալուն, բայց չի նշանակեր, թէ Վ. Օշականի սփիւռքի տեսութիւնը միաձոյլ դրոյթ մըն է: Ինք գտնուեցաւ «տեւաբար ինքն իրմէ դուրս» ըլլալու եւ նոյն ատեն` Հայաստանի ձգողութեան, «քաշողական հսկայ ուժ»-ի մը ենթարկուողի փորձառութեան մէջ: Իր տեսութիւնը հակասութիւններու թնճուկ մըն է: Պատճառնե՞րը: Ըստ իրեն` սփիւռքեան հակընթաց փորձառութիւնը, ինչպէս ակնարկեցի: Ըստ իս, 1) Էապէս բանաստեղծ մը ըլլալը, այսինքն` մարդկային կացութեան անմիջականօրէն եւ խորապէս հաղորդակից ըլլալը, 2) Գոյութենապաշտութիւնը, որուն աշակերտեց եւ 3) Հայութեամբ տոգորուն մտաւորականի իր յանձնառութիւնը:
Կարելի է ըսել, որ սփիւռքի մասին եւ, անոր առնչաբար, Հայաստանի ընկալման Վ. Օշականի փորձառութիւնը երկու փուլ ունեցած է. նախաարցախեան եւ արցախեան: Առաջինէն երկրորդ փուլ անցումը կը թուէր անսպասելի ըլլալ. աւելի մեկին խօսելով` «ապսիւրտ»-էն հմայուած, միաժամանակ յաճախ գայթակղեցուցիչ կեցուածքներով փուլէն` դէպի ստուերաբնակեալ անհեթեթի եւ թումանեանական «Լուսաւորչի կանթեղ»-էն արբեցող փուլը: Երկրորդի տարրեր կային նախապէս, բայց «ապսիւրտ» հմայիլին ազդեցութիւնը շատ զգալի էր: Հայաստան այցելութենէն ետք առիթով մըն ալ ըսած է, որ Հայաստանի մէջ ինք աւանդութեան մարդն է, իսկ սփիւռքի մէջ` անհեթեթին:
Առաջին փուլին մէջ երկրորդ փուլի տարրերու գլխաւորներէն մէկը կը կարդանք իր բանախօսութեան մէջ, որ լոյս տեսած է «Երիտասարդ Հայ» պարբերականին մէջ, «Որոնում սփիւռքեան դիմագծի մը» (1971): Ըսած է. «Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ: Սա յստակ պէտք է ըլլայ. սփիւռքը սփիւռքի համար` գաղափար չէ: Միակ նպատակը, որ ամէն հայ կ’ընդունի, ամբողջական հայութեան ու Հայաստանի իրագործումն է»: Այս «ամբողջական հայութեան ու Հայաստանի իրագործում»-ը Վ. Օշականի մօտ նախ լռելեայն, իսկ արցախեան շարժման հետ` վերատեսեալ հայրենիքի գաղափարն է, հայրենիքի գաղափարը հայրութեան գաղափարն է, հայրութեան գաղափարը աւանդութեան գաղափարն է, աւանդութեան գաղափարը «ազգային սրբութիւններ»-ուն գաղափարն է, որոնց խորհրդանշանը Հայ եկեղեցին է:
Արդ, ինչպէս ըսի, փուլէ փուլ անցումը կը թուէր անսպասելի, բայց պատահած է: Պատահած է, որովհետեւ ի զօրութեան կը բանէր: Անցումը կը յիշեցնէ մեր պատմագրութենէն դրուագ մը: Այն դրուագը կը գտնուի Փաւստոս Բիւզանդի «Պատմութիւն Հայոց»-ին մէջ, ատոր չորրորդ դպրութեան 52-րդ-54-րդ գլուխներուն: Դրուագին մանրամասնութիւնները էական չեն, բայց որպէսզի պատկերը յստակ երեւի, անոնցմէ որոշ տարրեր ալ պիտի տամ:
Պատմագիրը դրուագած է, թէ Սասանեան Շապուհ թագաւորը դադրեցուցած էր հայոց Արշակունի թագաւորին դէմ պատերազմը եւ նենգութեամբ իր մօտ կանչած՛ հայոց թագաւորը, որ այն ատեն Արշակ Գ.-ն էր, որպէսզի սէր եւ մեծ բարեկամութիւն հաստատեն: Բայց հայոց թագաւորը, որ հասկցած էր Շապուհի նենգութիւնը եւ չէր ուզեր հրաժարիլ պարսիկներու թագաւորին դէմ մարտնչելէ; Բայց, կ’ըսէ պատմագիրը, հայոց ամբողջ զօրքը համաձայն չէր անոր: Ուստի ան կամայ եւ ակամայ հրովարտակ մը գրեց Շապուհի եւ հպատակի մը հոգեբանութեամբ անոր դիմեց վասն սիրոյ ու մեծ բարեկամութեան եւ անոր հետ հաշտութեան ընծաներ ուղարկեց: Շապուհ պատասխանեց, որ եթէ իրարու հետ հաշտ ենք, ապա եկուր` տեսակցինք, եւ քեզի հայր ըլլամ, դուն ալ ինծի` որդի: Իսկ եթէ չգաս, ուրեմն պատերազմ է, որ կ’ուզես: Հակառակ Շապուհի մտադրութեան վրայ կասկածելուն` «Հայոց աշխարհ»-ի մարդոց ճնշումին տակ` իր Վասակ Մամիկոնեան սպարապետին հետ ելաւ ու գնաց անոր մօտ: Շապուհ խիստ նախատեց Արշակը եւ Անյուշ բերդին մէջ բանտարկեց: Յետոյ կանչեց գուշակները եւ անոնց խորհուրդը հարցուց, թէ ինչպէ՞ս վարուի Արշակին հետ: Անոնք խելք տուին` ըսելով, թէ մարդիկ ղրկէ, որ Հայաստանի սահմաններէն երկու բեռ հող եւ աման մը ջուր բերեն: Հողը տեսակցութեան սրահի կէսին վրայ շաղ տան եւ ջուրն ալ անոր վրայ ցանեն: Որմէ ետք ինք Արշակի ձեռքէն բռնած` նախ կը տանի զայն պարսկական գետին եւ հոն կը հարցուփորձէ: Ապա` հոն, ուր հայկական հող դրուած է, եւ կը հարցուփորձէ: Այն ժամանակ է, որ պիտի հասկնայ, թէ երբ արձակէ Արշակը, ու ան Հայաստան վերադառնայ, իրենց միջեւ հաշտութեան ուխտը պիտի պահէ՞, թէ՞ ոչ:
Շապուհ կը կատարէ գուշակներուն ըսածը: Եւ Արշակը իր քով բերել տալով, անոր ձեռքը բռնելով` կը սկսի ճեմել: Արշակ երբ պարսկական հողին վրայ էր, Շապուհի դէմ երեսնամեայ պատերազմին համար իր մեղաւորութիւնը կը յայտարարէր եւ մահապարտութեան արժանի կը տեսնէր ինքզինք: Իսկ երբ հայկական հողով եւ ջուրով գետնի վրայ էր, իր խօսքը ըմբոստութիւն էր եւ պատերազմը շարունակելու մտադրութիւն: Այսպէս, առաւօտէ մինչեւ երեկոյ կը փորձէր Շապուհ: Եւ երեկոյեան, ընթրիքի ժամուն, Արշակի աթոռը կը դնէին հայկական հողով ու ջուրով ծածկուած գետնին վրայ: Հայոց ըմբոստ թագաւորը կը բարձրաձայնէր, թէ իր արդար տեղը Շապուհի աթոռն էր, որովհետեւ իրենց տոհմին իրաւունքն էր: (Արշակ կը յիշեցնէր, որ Սասանեանները յափշտակած էին Արշակունիներու պարսկական կողմին գահը): Եւ թէ` Հայաստան վերադարձին պիտի շարունակէր վրէժխնդիր ըլլալ:
Շապուհ զայն ձերբակալել կու տար, եւ Անյուշ բերդ կը նետէր մինչեւ մեռնիլը…
Ասիկա թող չխռովեցնէ: Հայաստան եւ Արցախ իր այցելութիւնը «հողի միստիք»-ով պիտի համակէր զինք: «Հողի միստիք»-ը իր մէջ ստեղծուած, գրեթէ թաքուն հայ ոգեկանութիւն մըն էր, ուր մերթ ընդ մերթ անցած էր: Այն ոգեկանութիւնը շահնշահին պէս էր, որ վերջ ի վերջոյ ձերբակալեց իր հայեացքը եւ բանտարկեց զայն մինչեւ մեռնիլը… Սակայն ի տարբերութիւն հայոց թագաւորին փորձառութեան` օշականեան փորձառութիւնը հզօր խորհրդաւորին գրեթէ սրտագին յանձնուիլ մը եղաւ. յանձնուիլ մը` խորհրդազգածներուն նման: «Քաթալիսթ»-ը` արցախեան շարժումը, ինչպէս ըսի:
(Շար. 1)