Պէյրութի մէջ 2024-ին լոյս տեսաւ Երուանդ Քասունիի «Հարիւրամեայ ատենագրութիւնը ուղեցոյց եւ առաջնորդ» գիրքը, բաղկացած` 168 էջերէ:
Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ աշխատասիրութեան նպատակն է 5-էն 10 յուլիս 1922-ին Պոլսոյ մէջ կայացած «Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաժողովի» ատենագրութեան երկրորդ հրապարակումը, որուն ընթերցումը կը հաստատէ անոր պատմական կարեւորութիւնը եւ մերօրեայ այժմէականութիւնը:
Քասունի կը շարունակէ ըսելով որ համաժողովը իր մթնոլորտով, արծարծած հարցերով ու քուէարկած որոշումներով ուսանելի է ե՛ւ այսօր:
Պոլսոյ մէջ 1922-ին գումարուած Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաժողովի ուշագրաւ իրագործումներէն մէկն է` եկեղեցիին ու համայնքին այսօրն ու վաղը յուզող հարցերու լրջախոհ ներկայացումը` սերտուած ուղերձներով եւ անոնց քննարկումը հարցերուն գիտակներուն կողմէ:
Համաժողովին լուրջ քննարկման հարցերէն մէկը եղած է Հայ աւետարանական ազգապետարանը: Շեշտուած է թէ ներկայ պայմաններուն տակ ազգապետարանի գոյութիւնն ու պահպանումը շատ անհրաժեշտ է:
Քասունի կ՛ըսէ, որ 1924-ին Հալէպի մէջ կազմաւորուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական միութիւնը, զոր կարելի է համարել Կիլիկիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու բնական շարունակութիւնը:
Այնուհետեւ հեղինակը կը նշէ, որ Հայ առաքելական եկեղեցիներու եւ աւետարանական եկեղեցիներու իրարհասկացողութիւնն ու համագործակցութիւնը նոր թափ կ՛առնեն 1902-ին, Սահակ արք. Խապայեանի Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռին բարձրանալով:
Համաժողովի Դ. նիստին կ՛արծարծուի աւետարանական հայերու յատուկ թերթի մը հրատարակութեան հարցը: Կ՛որոշուի շաբաթաթերթ «Աւետաբեր»-ը ապագային օրաթերթի վերածել:
Քասունի կ՛ըսէ. հարցումը, երէկէն գալով անմիջական մեր օրերուն, ո՞ւր է Հայ աւետարանական մամուլը այսօր:
Համաժողովը Հայ աւետարանական եկեղեցիներու «անհրաժեշտ կարիքներու» շարքին կ՛աւելցնէ «Հայ աւետարանական նախակրթարաններու հաստատումը կարեւոր կեդրոններու մէջ»:
Քասունի կը շեշտէ, որ հայ դպրոցն ու հայ մամուլը զիրար ամբողջացնող ազգային կենսատու երկու կառոյցներ են: Հայ դպրոցին կը մնայ ժամանակէն քայլ մը առաջ անցնելու որոշումը:
Համաժողովը կը յանձնարարէ նաեւ, որ իւրաքանչիւր Հայ աւետարանական եկեղեցի ամէն կիրակի ունենայ իր Կիրակնօրեայ դպրոցը:
Քասունի կը նշէ, որ այսօր Մերձաւոր Արեւելքի Կիրակնօրեայ դպրոցները մանկահասակներու դպրոցներ են:
Համաժողովը կ՛որոշէ նաեւ, որպէսզի հայ աւետարանական եկեղեցին «կարենայ իրագործել իր կոչումը», կարիքը ունի «Հոգեւոր նոր մշակներու պատրաստութեան»:
Համաժողովը կը թելադրէ որ նոր մշակները իրենց աստուածաբանական ուսումնառութեան ընթացքին նաեւ սերտեն մայր եկեղեցիին պատմութիւնը, վարդապետութիւնը ու ներշնչուին ազգային աւանդութիւններէն:
Համաժողովի Դ. նիստին կ՛առաջարկուի նաեւ «Հայ աւետարանականութեան մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմ ամբողջական մէկ պատմութիւնը ունենալ»:
Քասունի կը նկատէ. ո՞վ պիտի ստանձնէ «Հայ աւետարանականութեան ամբողջական պատմութիւնը» սեղան բերելու պատասխանատուութիւնը:
Գիրքին երկրորդ մասով տրուած է Հայ աւետարանական եկեղեցիներու մէջ 10 յուլիս 1922 համաժողովին ամբողջական ատենագրութիւնը, որմէ ետք` ծանօթագրութիւններ եւ յաւելուածներ են: