Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան անդրադարձաւ լիբանանեան վերջին իրադարձութիւններուն եւ յայտնեց. «Ամօթալին այն է, որ լիբանանեան պետութիւնն ու անոր ներկայ կառավարութիւնը երկրին, անոր գերիշխանութեան եւ իսրայէլեան յարձակումին հետ կը վարուի այնպէս, թէ հարաւի, Պեքայի եւ Հարաւային արուարձաններու բնակիչները գոյութիւն չունին կամ լիբանանցիներ չեն: Ուստի այս պետութիւնը ի՞նչ կարելի է որակել: Ան արդա՞ր պետութիւն է, կարո՞ղ պետութիւն է, քաղաքացիութեան վրա՞յ հիմնուած պետութիւն է: Դժբախտաբար ներկայ կառավարութիւնը միայն կարելի է դաւադրութեան մեղսակից կամ վրէժ լուծող նկատել»:
«Լիբանանին համար ոչինչ աւելի վտանգաւոր է, քան ներկայ կառավարութեան քաղաքական վրէժ լուծելուն կառչիլը, եւ ոչինչ Լիբանանին համար աւելի նպաստաւոր է, քան քաղաքացիական, քաղաքական ու պատմական միասնականութիւնը: Մեր ուզածը արդար պետութիւն է` առանց շրջանային ու միջազգային ծառայութիւններու», ըսաւ ան:
«Իսկ Պըրժ Պարաժինէ գաղթակայանի մէջ տեղի ունեցած պարկերու թատրոնը բացայայտ սկանտալ է, եւ եթէ բնական ու ժողովրդավարական երկրի մէջ ըլլայինք, կառավարութիւնը կը տապալէր: Այս ամօթալի թատրոնին թիրախը Դիմադրութեան զէնքն է, հակառակ անոր` կէս դարէ ի վեր Լիբանանի մեծագոյն երաշխաւորը ըլլալուն: Ներկայ պահը Լիբանանի պաշտպանութեան համար պաշտպանական ռազմավարութեան պատրաստութեան է, ինչ որ Ուաշինկթընն ու կարգ մը շրջանային մայրաքաղաքներ կ՛արգիլեն` երկրին մէջ համայնքային ջարդերու խաղի ճամբան հարթելու համար` Լիբանանի ուժը ջնջել ուզող ծրագիրի գոյութեան պատճառով», նշեց Ժաաֆարականներու միւֆթին: