Ողիմպիական խաղերու ոսկի, արծաթ (2 անգամ) եւ պրոնզ մետալակիր, աշխարհի քառակի, Եւրոպայի եօթնակի ախոյեան ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան պիտի մասնակցի 13-էն 21 սեպտեմբեր տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, որ տեղի պիտի ունենայ Զաղրեպի մէջ:
«Յարգելի՛ հայրենակիցներ եւ ըմբշամարտի սիրահարներ, անգամ մը եւս կը թելադրենք, որ հետեւիք միայն Հայաստանի ըմբշամարտի պաշտօնական էջին:
Ինչ որ ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը յայտարարած է աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցող նախնական կազմերու մասին, այդ չի նշանակեր, որ անոնք վերջնական են:
Ինչպէս նաեւ պէտք է տեղեկացնել, որ Արթուր Ալեքսանեան պիտի մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան», նշած է Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը:
Նշենք, որ աւելի կանուխ Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի իր կայքին մէջ հրատարակուած էր հաւաքականներու նախնական կազմերը, որոնց մէջ չկար Արթուր Ալեքսանեանի անունը: