Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կը Մօտենայ Գ. Դասակարգին

August 11, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ երէկ յետմիջօրէին 2-0 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Լիուաա Սայտայի դէմ, Սաֆայի դաշտին վրայ:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ սաստիկ տաքէն զգալիօրէն ազդուած էր, եւ անցեալ շաբթուան նման առաջին կիսախաղին միջակ ելոյթ ունեցաւ:

Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, զգալի էր, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը աւելի լաւ կը խաղային: 52-րդ վայրկեանին հակայարձակումի մը վրայ Ֆատըլ Ռիտա ստացաւ գնդակը եւ տուաւ աջ` Սերժ Օսքեանին, որ շատ գեղեցիկ ձեւով վերադարձուց Ֆատըլին, որ պաշտպաններուն ետեւէն անցնելով ձախ ոտքի գեղեցիկ հարուածով գրաւեց բերդապահ Ուալիտ Ապտել Ռահմանի բերդը:

Այս կոլէն անմիջապէս ետք, Ֆատըլ պրկում ունեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Իպրահիմ Մուսաուիյով:

Լիուաա սկսած էր ճնշել (բան մը, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այս տարեշրջանին կը սիրէ), եւ արագ հակայարձակումի վրայ Սերժ ՀՄԸՄ-ի մեծ քառակուսիին ծայրէն ստացաւ գնդակը եւ տեսաւ, թէ Մուսաուի դաշտին կեդրոնէն կը վազէ մրցակիցի բերդին ուղղութեամբ:

Մօտ 40 մեթրէն ճշգրիտ փոխանցումով, Սերժ գնդակը հասցուց «մասնագէտ» Մուսաուիի, որ բերդապահը խաբելով նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 2-րդ կոլը:

73-րդ վայրկեանին նոյնինքն Մուսաուի առանձին ճնշում բանեցուց մրցակից պաշտպաններու վրայ եւ գնդակին իշխելով փորձեց շատ նեղ անկիւնէ նշանակել կոլ մը, բայց… Լիուաայի բերդին սիւնը զսպեց անոր հարուածը:

Արդիւնքը մնաց անփոփոխ մինչեւ 99-րդ վայրկեան, երբ իրաւարարը կը մտածէր սուլել մրցումին աւարտը: ՀՄԸՄ-ի պահեստի մարզիկ Զէյն Ֆայյատ զարմանալի փենալթի մը «նուիրեց» մրցակիցին, բայց ՀՄԸՄ-ի բերդապահ Մոհամետ Պաթրաշ զսպեց փենալթին, որուն յաջորդեց իրաւարարին սուլիչը` յայտարարելով մրցումին աւարտը:

Մտահոգիչ էր Մոհամետ Սապրայի վիրաւորուիլը մրցումի վերջին վայրկեաններուն, բայց վստահաբար մինչեւ շաբաթ օր ամէն ինչ կը յստականայ:

Երէկ Ամալ Սալամ Զղարթա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շեքքան, իսկ Ռաուտա Տըքուանէ պարտութեան մատնեց Սանհարիպը` 5-0 արդիւնքով:

Ստորեւ` դասաւորումը

ԿԷՏ
1.- Ռաուտա Տըքուանէ 7 (9-2)
2.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ           ) 6 (6-3)
3.- Ամալ Սալամ Զղարթա 5 (5-4)
4.- Լիուաա Սայտա 3 (4-6)
5.- Շեքքա 3 (4-6)
6.- Սանհարիպ 1 (3-10)

Շաբաթ օր (սկզբունքով) տեղի պիտի ունենայ 4-րդ հանգրուանը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ տարեշրջանի կարեւորագոյն մրցումը պիտի կատարէ Ռաուտա Տըքուանէի դէմ, Պհամտունի դաշտին վրայ:

Լիուաա Սայտա պիտի մրցի Ամալ Սալամ Զղարթայի դէմ, իսկ Շեքքա` Սանհարիպի դէմ:

Նախորդը

Ո՞վ Պիտի Շահի «Պալոն Տ՛Օր»-ը

Յաջորդը

Պաքերի Քանի. «Հըզպալլան Զինաթափելու Փորձը Պիտի Չյաջողի»

RelatedPosts

«Ֆիֆփրօ 11».  Քէյն Դուրս Մնաց Խորհրդանշական Կազմէն
Մարզական

«Ֆիֆփրօ 11». Քէյն Դուրս Մնաց Խորհրդանշական Կազմէն

November 11, 2026
Եւրօ 2027-ի Զտումի Մրցումներ.  Այսօր` Ֆրանսա – Հայաստան
Մարզական

Եւրօ 2027-ի Զտումի Մրցումներ. Այսօր` Ֆրանսա – Հայաստան

November 11, 2026
Ըմբշամարտ.  Տէրտէրեանի «Վրէժ»-ի Յաղթանակը…
Մարզական

Ըմբշամարտ. Տէրտէրեանի «Վրէժ»-ի Յաղթանակը…

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.