Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ պաքալորէայի պետական քննութեանց իր աշակերտներուն յաջողութեան մասին:
Աւարտական զոյգ դասարաններու (կենսաբանութիւն LS եւ տնտեսագիտութիւն SE) պաքալորէայի պետական քննութիւններուն 8 աշակերտներէն 6-ը յաջողած են:
2024-2025 տարեշրջանի BT3-ի (վարչագիտութիւն) պետական քննութիւններուն բոլոր աշակերտները յաջողած են` 100 տոկոս:
Առ այդ, վարժարանիս տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը կը շնորհաւորեն յաջողած աշակերտներն ու անոնց ծնողները, իսկ մնացեալներուն յաջողութիւն կը մաղթեն յառաջիկային կայանալիք պետական քննութիւններուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք յաջողած աշակերտներուն անուններն ու պատուաբեր արդիւնքները:
Կենսաբանութիւն
Սօսէ Խաչատուրեան (լաւ յիշատակութեամբ)
Քրիսթինա Պապուքեան, Մելինէ Կիւրիւնլեան եւ Ռազմիկ Մազաքեան
Տնտեսագիտութիւն.
Կապրիէլլա Սապպաղ (լաւ յիշատակութեամբ)
եւ Քրիսթինա Աւետիսեան
BT3 վարչագիտական բաժինէն.
Քելլի Միքայէլեան, Յովիկ Պետիկեան, Մելիսա Վարդանեան եւ Հելենա Քէշիշեան:
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր սիրելի աշակերտներուն: Վարձքը կատար բոլոր ուսուցիչներուն:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ