Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ 55-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. «ՏՆՕՐԷՆՆԵՐՈՒ ԴԵՐԸ ԹՈՒԱՅԻՆ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ՍԵՄԻՆԱՐ

April 8, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սեմինարի ներկայ գտնուողները

Հայկազեան համալսարանի 55-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 7 ապրիլի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ շահեկան սեմինար մը` «Տնօրէններու դերը թուային դարաշրջանին մէջ» նիւթով:

Հայկազեան համալսարանի հանրային յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Միրա Եարտըմեան բացումը կատարելով ձեռնարկին սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան առաջին բանախօսը` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաքը: Իր խօսքին մէջ Եարտըմեան շեշտեց, որ տնօրէնները հիմնական դեր ունին յառաջ մղելու իրենց հաստատութիւնները` քայլ պահելու համար կրթական մարզին մէջ արձանագրուող արհեստագիտական նորագոյն զարգացումներուն հետ:

Ֆատի Եարաք խօսք առնելով մանրամասն զեկուցեց կրթութեան նախարարութեան ձեռնարկած յառաջատար այն քայլերուն մասին, որոնց որդեգրումով ու կիրարկումով կրթութեան կենսական մարզը պիտի որակաւորուի` դպրոցներու տնօրէններու թէ ուսուցիչներու կազմաւորման առումով:

Իր տեղեկութիւնները թուական պատկերներով ու համապատասխան եզրերով հիմնաւորելով կրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը նշեց, որ պետական մարզի վարժարաններու տնօրէններու արհեստավարժումի յատուկ ծրագիրներ մշակուած են, ինչպէս նաեւ կարելի եղած է անոնց մեծ մասին միջեւ հաղորդական կապ գոյացնել:

Ան նաեւ խօսեցաւ նախարարութեան յառաջիկայ քայլերուն եւ հետապնդած անմիջական նպատակներուն մասին:

Ապա համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Հանին Նուէյհետ Հութ ներկայացուց օրուան երկրորդ զեկուցաբերը` Քրիստոնէական ուսուցման հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Քրիս Մոաքտիէն` թուելէ ետք անոր կենսագրական հիմնական գիծերը:

Դոկտ. Մոաքտիէ աւելի քան կէս ժամ տեւողութեամբ անդրադարձաւ արհեստագիտական այն մարտահրաւէրներուն, զորս կրթական մարզի մշակներ ու անձնակազմեր կը դիմագրաւեն համակարգիչի նորանոր ոճերու կիրարկման ընթացքին:

Ան դիտել տուաւ, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզը խիստ արագ կը յառաջդիմէ, մինչ վարժարանները կը դիմագրաւեն արհեստագիտական այլազան մարտահրաւէրներ: Ապա ան ներկայացուց այս գծով տիրող գլխաւոր մտահոգութիւնները` համակարգիչի վերջին նորութիւններուն հետ քայլ պահելու իմաստով: Օրինակ, ան ցոյց տուաւ երբեմնի թանկարժէք «լէյզըր տիսք» սկաւառակները, ֆլոփիները, որոնք այսօր արդէն ժամանակավրէպ դարձած են: Այս իմաստով ան թուեց գէթ մինչեւ օրս կիրարկուող համացանցային նորութիւնները, ինչպէս` «Այփոտ», բջիջային հեռաձայնի միջոցով համացանցային կապը, «Ֆլիքըր», «Թուիթըր», Դիմատետր, «Եութիուպ», «Սքայփ» եւ այլն:

«Օրը օրին աճող նորայայտ զարգացումները առաւելագոյնը վեց ամիս կը տեւեն, ապա կու գայ զանոնք գերազանցող նոր զարգացում», ընդգծեց դոկտ. Մոաքտիէ:

Ապա համալսարանի Շարունակական կրթութեան կեդրոնի («Սենթըր ֆոր քոնթինուինկ էճիւքէյշըն») տնօրէն Ալիս Մքլարտի ներկայացուց օրուան երրորդ ու վերջին զեկուցաբեր, «Տուհա» բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Լինա Օսէյրանը` հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք անոր կենսագրական գիծերը:

Շուրջ 40 վայրկեան տեւողութեամբ Լինա Օսէյրան զեկուցեց տեղեկատուական արհեստագիտութեան գործնական քայլերու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն լուծման ձեւերուն մասին:

Ան համակարգիչի եւ տեսաերիզի օգնութեամբ պատկերաւոր ձեւով պարզեց յատկապէս նոր սերունդի եւ պատանիներու որդեգրած «մարտավարութիւնները»:

Աւարտին, ներկաներուն եւ յատկապէս Ֆատի Եարաքի առաջարկով որոշուեցաւ Միրա Եարտըմեանի ելեկտրոնային հասցէին ճամբով ձեռնարկել շինիչ բանավէճի մը` «Տնօրէններու դերը թուային դարաշրջանին մէջ` լիբանանեան իրավիճակի լոյսին տակ» նիւթով:

Նախորդը

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ

Յաջորդը

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ԱՌԸՆԹԵՐ ՊԷՏՔ Է ՆԱԵՒ ՔՆՆԱՐԿԷ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.