Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Շարհին Կոչ Կ՛ուղղէ` Սուրիոյ Մէջ Բռնարարքները Զսպելու Եւ Մեղսակիցները Դատելու

July 28, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ ետք շաբաթ օր շեշտեց. «Անհրաժեշտ է բռնարարքներու կրկնութենէն խուսափիլ», եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած բռնարարքներու պատասխանատուները դատելու:

Մաքրոն «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ վերջին բռնարարքները կ՛արտացոլացնեն այն խիստ փխրունութիւնը, որմէ կը տառապի փոխանցման հոլովոյթը: Պէտք է քաղաքայինները պաշտպանել»:

Ան կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ ներքին «հանդարտ երկխօսութեան` բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքները յարգելու շրջագիծին մէջ Սուրիոյ միաւորման նպատակի իրագործման համար»:

«Սուէյտայի մէջ զինադադարը դրական նշան է», «Էքս»-ի վրայ գրեց Մաքրոն` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահը յանձնառու է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:

Ֆրանսայի նախագահը այս առումով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց եւ Շարհին կոչ ուղղեց` երկրին մէջ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու եւ Դամասկոսի ու Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ բանակցութիւնները շարունակելու:

Մաքրոն խօսելով Սուրիոյ նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին յայտնեց. «Մեր յանձնառութիւնը յայտնեցինք Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ: Այս առումով անդրադարձանք Իսրայէլի հետ տեսակէտներու փոխանակման: Միասնաբար աջակցութիւն յայտնեցինք Սուրիա-Լիբանան սահմանի կայունութեան համար գործակցութեան, եւ Ֆրանսան պատրաստ է այդ ջանքերուն աջակցելու»:

 

 

Նախորդը

Վրաստան Չի Կրնար Միանալ Եւրոպական Միութեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.