Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Վարչապետի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց. «Սալամ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ քննարկեց խորհրդարանական հարցեր, մասնաւորաբար բարեկարգչական օրինագիծերը, որոնք կառավարութիւնը փոխանցեց խորհրդարանին, նախ եւ առաջ արդարադատութեան անկախութեան օրինագիծը եւ դրամատնային մարզի վերադասաւորման օրինագիծը:
«Սալամ Պըրրիի ներկայացուց Փարիզ իր պաշտօնական այցելութեան եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ իր հանդիպումի արդիւնքները, ինչպէս նաեւ անոնց ընթացքին ֆրանսական կողմի Լիբանանին տարբեր ոլորտներու մէջ աջակցելու շեշտումը, ինչպէս նաեւ հարաւի մէջ կայունութեան պահպանման ծիրին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան ժամկէտի վերանորոգման աշխատանքի ընդգծումը»: