Իսրայէլի եւ Սուրիոյ նախարարները 25 տարուան ընթացքին առաջին անգամ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ վարած են:
«Աքսիոս» կը հաղորդէ, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Փարիզի մէջ` Միջին Արեւելքի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Թամըս Պարրաքի միջնորդութեամբ:
Ամերիկեան կայքին տեղեկութիւններով` բանակցութիւններուն մասնակցած են Իսրայէլի ռազմավարական ծրագրաւորման նախարար Ռոն Տերմերը եւ Սուրիոյ անցումային կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանին:
Հանդիպումը տեւած է չորս ժամ, իսկ անոր հիմնական նիւթը եղած է երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան նուազեցումը:
Իսրայէլեան աղբիւրները «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Կողմերը մտադիր էին համաձայնիլ Սուրիոյ հարաւին մէջ անվտանգութեան եւ կրակոցի դադրեցման շուրջ»:
Կը նշուի, որ վերջին ամիսներուն Իսրայէլն ու Սուրիան արդէն քանի մը հանդիպումներ ունեցած են:
Ամերիկեան կայքին համաձայն, Փարիզեան բանակցութիւնները պիտի դառնան երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման առաջին քայլ:
Միւս կողմէ, դիւանագիտական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ հինգշաբթի օր Փարիզի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի եւ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմերի միջեւ ժողով գումարուած է, մասնակցութեամբ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակին:
Պարրաք յայտարարած է. «Այսօր գիշեր Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցայ սուրիացիներուն ու իսրայէլացիներուն հետ: Մեր նպատակն էր երկխօսութիւն կատարել ու կացութիւնը հանդարտեցնել, եւ ճիշդ այդ է, որ իրագործեցինք: Բոլոր կողմերը իրենց յանձնառութիւնը յայտնեցին այս ջանքերը շարունակելու»: