Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապու Տապիի հանդիպումէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութիւնները ակնկալելիօրէն փակագիծեր պիտի չբանային: Անշուշտ կան քովնտի մեկնաբանութիւններ, ենթադրեալ կէտեր, որոնք կը շարունակեն լեցնել մամուլի սիւնակները կամ լրատուամիջոցներու տարբեր հարթակներու ելեկտրոնային տարածքները:

Պաշտօնապէս ըսուածը այն է, որ կողմերը լուրջ եւ բովանդակային քննարկումներ ունեցած են խաղաղութեան օրակարգի կարեւոր ուղղութիւններու` սահմանազատման, հաղորդակցութիւններու բացման եւ զարգացման, խաղաղութեան պայմանագիրի նախաստորագրման եւ այլ հարցերու շուրջ. ընդհանուր համաձայնութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու հանդիպումներն ու բանակցութիւնները, ինչպէս տարբեր աշխատանքային խումբերու, այնպէս ալ աւելի բարձր մակարդակներու վրայ:

Այստեղ գոյացած համաձայնութեան միակ կէտը հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու շարունակումն է եւ աշխատանքային տարբեր խումբերու ձեւաւորումը:

Նախ յատկանշական է, որ նախօրէին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ողջունած էր կողմերու հանդիպումը, խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան ընդառաջ: Ապու Տապիի հանդիպումէն ետք առաջին ողջոյնի յայտարարութիւնը կը պատկանէր Մոսկուային, որ նախագահի մամլոյ բանբերին ճամբով դրական նկատած էր հանդիպումը: Քիչ անց, Մոսկուայէն հնչած էր դարձեալ Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները արդիւնաւորելու առումով:

Երրորդ արձագանգը Եւրոպական Միութեանն էր. կողմերուն կոչ կ՛ընէր ըստ կարելւոյն շուտ սկսիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի ստորագրումն ու վաւերացումը: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է լրացուցիչ աջակցութիւն եւ փորձաքննութիւն տրամադրելու, եթէ կողմերը խնդրեն այդ մասին:

Այստեղ յատկանշականը գործընթացը արագացնելուն կը վերաբերի եւ պատրաստակամութեան գործնապէս աջակցելու. այլ խօսքով` ներգրաւուելու:

Կայ չորրորդը. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կ՛ողջունէր խաղաղութեան առաջադրանքով թափուող ճիգերը, կ՛աւելցնէր, թէ կը հետեւին լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն եւ թէ առ այժմ յաւելեալ ըսելիք չունին: Այս կը նշանակէ պարզապէս, որ չեն հերքեր «Քառնըկի»-ի հրապարակած առաջարկը:

Մեկնաբանութիւններու ամէնէն դիտարժանը Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարինն էր. եթէ սկզբունքները պահպանուին, ապա Երեւանը համաձայն է Սիւնիքին արտապատուիրակումի (աութ սորսինկ) կարգավիճակ տալուն: Այս յայտարարութիւնը անմիջապէս մտաբերել կու տար «Քառնըկի»-ի հրապարակումը: Նախիջեւան-Ազրպէյճան Սիւնիքի անցքը կը վերահսկէ ամերիկեան մասնաւոր անվտանգային ընկերութիւնը:

Արտապատուիրակումի մասին փոխնախարարին յայտարարութիւնը չհերքուեցաւ: Փոխարէնը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ, որ յայտարարութիւնը աղճատուած է, վերյիշեցնելով ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ազգային իրաւազօրութիւնը: Մերժած` որեւէ երրորդ կողմի վերահսկողութիւն եզրոյթը:

Ամերիկեան նախաողջունում եւ հանդիպումէն ետք յայտարարութիւն առ այն, որ կը հետեւին լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն եւ այս պահուն առ այժմ յաւելեալ ըսելիք չունին. ռուսական պատրաստակամութիւն` ներդրում ունենալու ապաշրջափակման գործընթացին, Եւրոպայի կողմէ ներգրաւուելու եւ աջակցելու առաջարկ եւ ամերիկեան ոչ պաշտօնական առաջարկի շրջանառութիւն: Պէտք է սպասել Թեհրանի արձագանգին: Սիւնիքի ստանալիք կարգավիճակը նոյնքան ռազմավարական նշանակութիւն ունի Իրանի համար, որ մինչ այժմ կը շարունակէ կրկնել իր վճռակամութիւնը սահմաններու անփոփոխելիութեան առումով:

Չաճապարենք եզրակացութիւններու յանգելու: Ուրուագծում մը սակայն ինքզինք հեռուէն տեսանելի կը դարձնէ: Հաղորդուղիներ, միջանցք, խաղաղութեան խաչմերուկ եզրոյթներէն աւելի ամերիկեան հանգուցակէտի մը մասին կը յուշեն արձագանգներն ու մեկնաբանութիւնները: Մանաւանդ, Ուաշինկթընի առ այժմ յաւելեալ ըսելիք չունենալը:

«Ա.»

Նախորդը

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 207-ի Լուծում

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?