Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հպարտ Եմ

May 11, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իբրեւ ծնող, 27 ապրիլին հրաւիրուած էի Ճեմարանի նախակրթարանի բաժնի 24 ապրիլի առիթով կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան: Ճիշդ ժամուն արդէն ներկայ էի «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Սրահին աթոռներուն կէսը գրաւուած էին 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները, իսկ միւս կէսը յատկացուած էր ծնողներուն: Քիչ անց ներս մտաւ դպրոցին տնօրէնը` ընկերակցութեամբ օրուան բանախօս Եսայի Հաւաթեանին եւ օրուան հիւր Մարի Ռոզ Ապուսեֆեանին:

Ձեռնարկը բացուած յայտարարուեցաւ աշակերտուհիի մը կողմէ: Ան կարդաց իր գրած բացման խօսքը, որ նոյնութեամբ տպուած էր նստարաններու վրայ նախապէս զետեղուած յայտագրին մէջ: Յատկանշականը այն էր, որ ձեռնարկին իւրաքանչիւր մանրամասնութեան ներկայացումը կը կատարուէր աշակերտութեան կողմէ: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ, որ պատրաստուած էր Զ. դասարանի աշակերտութեան կողմէ եւ կը ներկայացնէր Ցեղասպանութեան պատմութիւնը` մինչեւ ահաբեկչական շարժում: Զ. դասարանի բոլոր աշակերտները անխտիր  իրենց մասնակցութիւնը բերած էին այս խտասալիկի պատրաստութեան. իւրաքանչիւրը իր բաժինը կը կարդար, սակայն միաժամանակ ունկնդրելով իր դասընկերոջ ընթերցումը` ինքնաբերաբար պիտի ծանօթանար այս ժամանակահատուածի պատմութեան մանրամասնութիւններուն: Դաստիարակիչ էր երեւոյթը. նախ` բոլորին մասնակցութիւնը ապահովուած էր, ապա` անուղղակիօրէն նիւթը լաւապէս իւրացուած պիտի ըլլայ աշակերտութեան կողմէ:

Գեղարուեստական յայտագիրը սովորական չէր, նկատի առնուած էին իւրայատուկ գործիքներ` սրինգ, քանոն եւ տհոլ, որոնք կը նուագէին դպրոցին աշակերտները: Հիացմունք պատճառեցին այս հայաշունչ ներկայացումները, որոնք հնչեցուցին հայկական մեղեդիներ: Յատկանշական էր տհոլահարներու պարային ճկուն շարժումները: Արտասանութիւններ հնչեցին աշակերտներու կողմէ: Աւելի ուշ 4-րդ դասարանի աշակերտները դարձեալ ամբողջ դասարանով միասնաբար երգեցին «Թող հնչեն շեփորք» երգը, թնդաց սրահը: 5-րդ դասարանի աշակերտները հայկական շուրջպարով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ: Վերջապէս, օրուան բանախօս Եսայի Հաւաթեան պատմութեան մը ընդմէջէն պատկերաւորեց արհաւիրքն ու ողբերգութիւնը`   միաժամանակ 3 խորհուրդ տալով աշակերտութեան. թուրքին երբեք չհաւատալ, յարգել մայրերը, ինչպէս որ պատմութեան հերոսը կը յարգէր իր մայրը, քանի որ հայ մայրերու շնորհիւ է, որ հայ ազգը կրցած է գոյատեւել եւ, վերջապէս,  թելադրեց, որ բոլորը կարդան «Արեան ճանապարհով» գիրքը` հեղինակութեամբ Արմէն Մարաշլեանի, որուն համառօտ պատմութիւնը ներկայացուց ինք: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան հիւրը` մտաւորական, հրապարակագիր եւ դերասան Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան, որ յայտնեց իր յուզումը եւ հիացումը ձեռնարկին համար եւ մաղթեց, որ իր թոռնիկն ալ օր մը կարելիութիւնը ունենայ Ճեմարանի աշակերտ դառնալու եւ այս հայաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ նետելու:

Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան յուզուած, բայց միեւնոյն ժամանակ հպարտութեամբ անշարժացած էի աթոռիս վրայ: Հպարտ կը զգայի, որ զաւակներս Ճեմարան կը յաճախեն եւ կը շնչեն Ճեմարանի կենսունակ, խանդավառ եւ մանաւանդ հայաշունչ մթնոլորտը: Սրահին մէջ ձայն չկար, բոլորը քարացած էին, աշակերտները լռութեամբ եւ կարծես բարձր գիտակցութեամբ կը հետեւէին ձեռնարկին: Նոյն օրը երեկոյեան աղջիկս ըսաւ, որ պէտք է գրախանութ երթանք գիրքը գնելու, քանի մը օր ետք, երբ Համազգայինի գրախանութ մտանք եւ գիրքը փնտռեցինք, վաճառող օրիորդը ըսաւ, որ զարմանալի է այս շաբաթ քանի հոգի եկաւ եւ նոյն գիրքը ուզեց, ինչ զուգադիպութիւն է… Ես անմիջապէս հասկցայ, որ զուգադիպութիւն չէր, այլ օրուան բանախօսը յաջողած էր իր պատգամը հասցնելու առ որ անկ է, աշակերտները սկսած էին, անսալով բանախօսին եւ վստահաբար ազդուելով անոր պատմութենէն, փնտռել գիրքը: Ասիկա յաջողութիւն չէ՞…

Այս դաստիարակիչ եւ օրինակելի ձեռնարկը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ եւ այդ պատճառով որոշեցի մամուլով բարձրաձայնել զգացումներս:

Աշակերտներուն լուրջ եւ լուռ հետեւիլը ամբողջ ձեռնարկի տեւողութեան, անոնց մեծամասնութեան մասնակցութիւնը ձեռնարկի գործադրութեան, ձեռնարկէն ետք զանազան անկիւններու խօսակցութիւններուն եւ պրպտումներուն ի տես պէտք է հաստատել, որ անգամ մը եւս Ճեմարանը յաջողեցաւ իր կոչումին մէջ եւ եկաւ հաստատելու, որ կը շարունակէ իր հիմնադիրներուն հարթած ճանապարհով հաստատուն քայլերով ընթանալ:

Իբրեւ ծնողի` իմ ակնկալիքս ճիշդ այս է Ճեմարանէն` պատրաստել ՀԱՅ մարդ, որ գիտակից է իր ազգի պահանջատիրութեան, գիտէ իր անցեալը, զինուած է գիտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ կը կտրէ ճամբան: Այս է երաշխիքը մեր յաջողութեան:

Վարձքը կատար Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին: Հպարտ եմ ձեզմով:

ՆԵՐԿԱՅ ԾՆՈՂ ՄԸ

Նախորդը

Խմբապետական Վերաորակաւորման Սեմինար

Յաջորդը

Մինչեւ 100-Ամեակ Եւ Յետոյ… – Պատմա-Հայրենագիտական Մատենաշար Կամ Բնիկ Ո՞ր Տեղացի Ես

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.