Երկուշաբթի, 7 յուլիսի առաւօտուն Փաշինեան հերթական գրառումով թելադրանք կատարեց ապահովական ուժերուն: Էջմիածին յայտարարութեամբ մը դատապարտած էր երկու բարձրաստիճան հոգեւորականներու` Բագրատ արք. Գալստանեանի եւ Միքայէլ արք. Աջապահեանի ձերբակալութիւնը: Ըստ Հայաստանի վարչապետին, Էջմիածին կը պաշտպանէ «ահաբեկիչ» հոգեւորականները, ուրեմն կողմ է ահաբեկչութեան: Կաթողիկոսն ու ձերբակալուած հոգեւորականները իրենց աշխարհական անուններով կոչելով, Նիկոլ Փաշինեան կը յայտնէ, որ Վաղարշապատ քաղաքի բոլոր համայնքները բաց են ապահովութեան ուժերուն (Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն եւ ոստիկանութիւն) առջեւ, այսինքն` այդ ուժերը կրնան խուզարկել Վաղարշապատ քաղաքին մաս կազմող Էջմիածնի վանքը եւ այդ վանքին մէջ գտնուող կաթողիկոսական վեհարանը: Ապահովութեան ուժեր յառաջ` արշաւեցէ՛ք վեհարան եւ ձերբակալեցէ՛ք ապօրինաբար այնտեղ ապաստանած կտրիճ Ներսիսեանը (Գարեգին Բ. կաթողիկոսի աշխարհական անունը):
Զուգահեռաբար, Ազգային ժողովին մէջ կը շարունակուին թէժ քննարկումները: Հապճեպ կարգով (24 ժամերու ընթացքին յանձնախումբի երկու նիստեր, խորհրդարանի յաջորդական նիստեր, առաջին եւ երկրորդ քուէարկութիւն) Սամուէլ Կարապետեանի պատկանող ՀԷՑ-ը (Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր) ազգայնացնելու որոշումին յաջորդեց Արծուիկ Մինասեանի եւ Սէյրան Օհանեանի պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկումը, ապա Արթուր Սարգսեանի նկատմամբ նոյն գործողութեան սկզբնաւորումը: Ընդհանուր դատախազին կողմէ ներկայացուած հին ու նոր պատճառաբանութիւնները շատ թէական են, ճերմակ թելով կարուած, սակայն ինչ փոյթ` Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը կը քուէարկէ մէկ մարդու պէս:
Միաժամանակ կը շարունակուին խուզարկութիւնները եւ ձերբակալութիւնները: Համատարած հալածանքի մթնոլորտ կը տիրէ, որեւէ քննադատութիւն կը թարգմանուի իբրեւ իշխանութիւնը բռնի միջոցներով տապալելու կոչ, քաղաքական քննարկումներու մակարդակը իջեցնելով նողկալի մակարդակի մը, ուր տրամաբանութիւնը եւ իրողութիւններու առարկայական ներկայացումը տեղ չունին:
Ուրբաթ, 4 յուլիսին տեղի ունեցած մարդաշատ հաւաքը եւ քայլարշաւը կարծէք չզգաստացուցին իշխանութիւնները: Մէկ մարդու` Նիկոլ Փաշինեանի ջղագրգիռ ելոյթները անմիջականօրէն ողբերգական հետեւանքներ կ՛ունենան: Մտահոգութիւնը եւ դժգոհութիւնը համատարած են: Պետական մարմինները կ՛ենթարկուին իշխանութիւններու կամակայութիւններուն, վախնալով կորսնցնել իրենց պաշտօնները: Հալածական ընդդիմութիւնը կը բախի խորհրդարանական կայուն մեծամասնութեան պատին, անկարող օրինական ճամբով որեւէ փոփոխութիւն իրագործելու: Ժողովրդային ընդվզումը զսպելու համար, իշխանութիւնները կը դիմեն հակասահմանադրական ու հակաժողովրդական արարքներու, անդադար տագնապներ կը հնարեն, հին ու մոռցուած խնդիրներ կը նորոգեն ու ջանք չեն խնայեր քաղաքացիներու համար մտահոգիչ վիճակներ ստեղծելու: Պառակտումը անդադար կը վերանորոգուի:
Ինչո՞ւ կը կատարուին այս բոլորը: Իշխանութեան աւարտի մտահոգութիւնները կը թելադրեն պահպանել եօթը տարի առաջ խաբէութեան վրայ հիմնուած իշխանափոխութեան պայմանները: Ընտրողները երկու անգամ հաւատալով տրուած խոստումներուն գոյացուցին Ազգային ժողովի մեծամասնութիւն մը, որ փոխանակ հակակշիռ դառնալու կառավարութեան, դարձաւ ենթակայ այդ կառավարութեան, որ իր կարգին ենթակայ է վարչապետին: Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը նոյնիսկ սակաւապետական չէ, քանի որ իշխանական Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութենէն սկսած, բոլորը` գործադիրը, օրէնսդիրը եւ դատականը կ՛ենթարկուին ինքզինքին մարգարէական ներշնչումներ ունեցողի տեղ դրած մէկ մարդու` Նիկոլ Փաշինեան անունով բռնապետի:
Նիկոլ Փաշինեան վախի մէջ է: Իր մոգոնած խաղաղութեան խաչմերուկը չ՛իրականանար: Ինչպէս նախատեսելի էր, թշնամին, նոյնիսկ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ իր բոլոր պահանջներուն գոհացումէն ետք, տրամադիր չէ նոյնիսկ խորհրդանշական զիջումներ կատարելու. ընդհակառակը, նորանոր պահանջներով աւելի կը խորացնէ բաժանարար վիհը: Փաշինեանական խաղաղութեան ծրագիրը անելի մատնուած է ու Փաշինեան, ինչպէս միշտ, իր ձախողութեան պատասխանատուութիւնը թօթափելով, կ՛ուզէ ուրիշներուն վրայ բարդել զանոնք: Վկայ ենք մահացողի վերջին ցնցումներուն: