Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼՊԵՐ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆ

Ընտրական յաղթանակի մը տօնախմբութենէն աւելի, այս հաւաքին նպատակն է համախմբուիլ` արժեւորելու համար քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն  լիբանանահայ համայնքի մասնակցութիւնը:

Մասնակցութիւն, որ թէ՛ քուէի թիւով, թէ՛ կազմակերպուածութեան օրինակով եւ թէ՛ քաղաքական շրջանակներու համագործակցութեամբ յանգեցաւ այս արդիւնքին:

Պէտք է արձանագրել այստեղ, որ, սկսելու համար, լիբանանեան տարբեր շրջանակներէ մեր հաւաքական ուժին նկատմամբ կային տարբեր մեկնաբանութիւններ, հարցականներ: Անոնք հաւանաբար ազդած էին նաեւ մեր համայնքին վրայ, ուր կը լսուէին ձայներ` մեր ընտրական զանգուածին նախկին ուժականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող: Նոյնիսկ անճիշդ, շատ յաճախ դիտումնաւոր թիւեր կը նետուէին հրապարակ` ըսելու համար, որ հայ համայնքը ընտրական առումով չի պարզեր նախկին վիճակը:

Բոլորս չենք մոռցած նաեւ այն, որ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը ընտրութիւններու կայացումը թէական կը դարձնէր: Լիբանանը տարբեր փուլերու առկախած էր քաղաքապետական եւ թաղապետական թէ խորհրդարանական ընտրութիւնները` քաղաքական անորոշութեան, անհամաձայնութիւններու կամ ուղղակի ապահովական պատճառներու բերումով: Այս կառավարութիւնը, սակայն, վճռած էր ընտրութիւնները կայացնել, եւ կը թուէր, որ այս ուղղութեամբ վճռական էր` անփոփոխ պահելու ընտրութիւններուն թուականը:

Հետեւաբար Կեդրոնական կոմիտէն ընտրութիւններուն ընդառաջ անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի եւ ընտրական, Քաղաքական մարմինին հետ միասին զօրաշարժի ենթարկեց թէ՛ կեդրոնական եւ թէ՛ կոմիտէական մակարդակի վրայ իր ընտրամեքենաները:

Մեր առջեւ ունէինք հիմնականին մէջ թէ՛ Մեթնի, թէ՛ Պէյրութի եւ թէ՛ Պեքայի ընտրաշրջանները:  Ընտրական ցանկերու վերաթարմացումներ, քուէարկող իւրաքանչիւր ընտանիքի  եւ անհատի հետ հաղորդակցութիւններ, ընտրական կեդրոններու ճշդումներ եւ վստահուած անձերու նշանակումներ, ինչպէս նաեւ քուէարկողներու փոխադրամիջոցներու տրամադրման համար վարչական դասաւորումներ` եկան լրացնելու  ընտրական աշխատանքի բոլոր բաժիններն ու ենթաբաժինները:  Յատուկ կերպով կ՛ուզենք անդրադառնալ մեր համակիրներու ընտրական բանակին, որ հերթական անգամ գիտակցութեան եւ  կարգապահութեան գերազանց օրինակ հանդիսանալով` մասնակցութիւն բերաւ այս մեծ աշխատանքին:

Առընթեր, աշխատեցաւ քարոզչական մեքենան` մամուլով, ձայնասփիւռի կայանով, Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնական հարթակներով, որոնք ճշդուած կարգախօսերու հրապարակումներէն անդին` հարցազրոյցներով, քաղաքական լուսաբանական վերլուծական յօդուածներով մեր ժողովուրդին բացատրեցին ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը եւ յատկապէս` լիբանանահայ զանգուածային քուէի արձանագրումը:

Ընտրական կազմակերպական եւ քարոզչական աշխատանքներուն զուգահեռ` կար քաղաքական յատուկ աշխատանք, որ հիմնականին մէջ յարաբերական բնոյթ ունէր: Անհրաժեշտ էր կապեր հաստատել տարբեր կուսակցութիւններու, լիբանանեան հասարակութեան մէջ առկայ ընտանեկան հոսանքներու հետ, որոնք ազդեցիկ ուժ կը ներկայացնեն ընտրութիւններուն:

Քաղաքական-յարաբերական աշխատանքները Պուրճ Համուտի  մէջ յանգեցան Քաղաքապետական խորհուրդի մակարդակին առանց մրցակիցի ընտրութեան: Այնճարի մէջ Դաշնակցութեան առաջադրած ցանկերը, ընտրուած համարուեցան: Այնճարի պարագային, նոյնը արձանագրուեցաւ թաղապետական մակարդակի վրայ եւս, մինչ Պուրճ Համուտի մէջ թաղապետներու թեկնածուներ պահեցին իրենց թեկնածութիւնը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ թաղապետներու ընտրութեան համար բացուին Պուրճ Համուտի սնտուկները: Այստեղ եւս եղաւ այն, որ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու ցանկը ամբողջովին ընտրուեցաւ:

Մեթնի պարագային, Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով գործակցութիւնները եղան ըստ ընտրաշրջանի: Ընտրական գործակցութիւնները միակողմանի չէին եւ տարբերեցան իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի համար: Մեթնի պարագային, մեր առաջադրած 20 թեկնածուներէն 19 ընտրուեցան քաղաքապետական խորհուրդներու անդամ եւ 13 թաղապետ:

Համեմատաբար աւելի բարդ իրավիճակ կը պարզէր Պէյրութը, ուր կար սկզբունք նախապէս գոյացած միջկուսակցական համաձայնութեան հիման վրայ լիբանանահայ ներկայացուցիչները պահելու ինչպէս Քաղաքապետական խորհուրդի այնպէս նաեւ թաղապետերու պարագային:

Երկար ատենէ ի վեր հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներով կը գումարուէին հերթական նիստեր, որոնց ընթացքին համահայկական եւ համայնքային խնդիրներու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի ու Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական հարցերու քննարկման առընթեր, օրակարգ էր նաեւ ընտրութիւններուն միասնական ներկայանալու առաջադրանքը:

Այս առաջադրանքը իրականացնելու համար անհրաժեշտ էր նաեւ Պէյրութի մէջ գործող ընտրական տարբեր ուժերու հետ բանակցիլ, իրավիճակի ճիշդ գնահատական տալ եւ ըստ այնմ գործակցութեան որոշում կայացնել:

Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնեց ամէնօրեայ, երկարատեւ եւ բարդ բանակցութիւններու, որոնց նպատակն էր առաջին հերթին գոյացնել Պէյրութի քրիստոնեայ ուժերու համաձայնութիւն: Այս մօտեցումը կը մեկնէր նաեւ Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարութիւնը պահելու սկզբունքէն:

Բանակցութիւններուն ընթացքին տեղ-տեղ հանդիպեցանք անզիջող կեցուածքներու: Չափաբաժիններու պահպանման պայքարէն աւելի` այս փուլին անհրաժեշտ էր միաւորուած ներկայանալը: Մեր միջնորդութիւնը արդիւնաւորուեցաւ մեր հետեւողական պահանջով` չիյնալու չափաբաժիններ ապահովելու  քարացած մօտեցումներու տեղքայլին մէջ: Միասնական ճակատի այս գոյացումը ինքնին ապահովեց այլ համայնքներու հետ արդիւնաւէտ գործակցութիւն եւ անորոշութիւն պարզող ընտրական դաշտին մէջ ձեռք բերաւ առաւելութիւն: Կարեւորը այն էր, որ Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ պահպանուեցաւ լիբանանահայութեան ներկայացուածութիւնը, որ ունէր հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միացեալ առաջադրութիւնը:

Լիբանան կը թեւակոխէ նոր փուլ: Նոր ծրագիրներ կը մշակուին երկիրը դուրս բերելու տարբեր բնոյթի ճգնաժամերէ: Հակառակ զինադադարին համաձայնութեան` երկիրը կ՛ենթարկուի իսրայէլեան յարձակումներու:

Մեր համայնքի քաղաքական գործօնի հանգամանքը առաջին հերթին հիմնուած է մեր հաւաքական քուէի ուժին վրայ` պահելու համար լիբանանահայութեան պետական բոլոր իրաւունքները:

Գիտակից ենք, որ հեշտ չէ այս օրերուն մեր բոլորին առջեւ դրուած դժուարութիւններուն յաղթահարումը: Նոյնքան գիտակից ենք սակայն, որ նոր մարտահրաւէրներու դիմակայումը բոլորէս կը պահանջէ տքնաջան աշխատանք: Յարաբերութիւններ Լիբանանի քաղաքական դաշտը կազմող բոլոր կողմերուն հետ` պահելով մի՛շտ մեր քաղաքական որոշումի անկախութիւնը:

Նոյնքան գիտակից ենք, որ յատկապէս դժուար պայմաններ շրջանցելու համար նոյնքան եւ աւելի հրամայական են միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը:

Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն մենք մօտեցանք այս գիտակցութեամբ եւ ձեռք ձգեցինք ահաւասիկ 41 քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ եւ 32 թաղապետներ:

Հաւասարակշիռ քաղաքականութեան կիրարկումով, արհեստավարժ գործելաձեւով եւ լիբանանահայութեան քաղաքական կամքը ներկայացնելու նպատակով մենք պիտի շարունակենք գերադասել միասնականութեան սկզբունքը` պաշտպանելու համար լիբանանահայութեան իրաւունքները:

Շնորհակալութիւն` բոլոր անոնց, որոնք հաւատալով լիբանանահայութեան դերին, վստահելով մեզի` կամաւոր ծառայեցին, աշխատեցան, գործակցեցան, որպէսզի ձեռք ձգենք այսօրուան արդիւնքները:

Ամիսներ ունինք մեր առջեւ` կազմակերպուելու եւ պատրաստուելու համար 2026-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Վստահ ենք, որ այս ուղիով եւ հաստատ քայլերով կ՛ընթանանք դէպի 2026-ի ընտրութիւններ եւ կ՛ապահովենք լիբանանահայութեան իսկական ներկայացուցիչներու ընտրութիւնը:

Կեցցէ՛ լիբանանահայութիւնը:

Կեցցէ՛ Լիբանանը:

* Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ապահովուած արդիւնքներուն առիթով կազմակերպուած ընդունելութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին կողմէ արտասանուած խօսք:

Նախորդը

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յաջորդը

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն.  Հայասպանութեան Փաստագրող Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնը Յայտնաբերող Երուանդ Տ. Գարաճեան
Անդրադարձ

Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն. Հայասպանութեան Փաստագրող Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնը Յայտնաբերող Երուանդ Տ. Գարաճեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?