Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բազմակուսակցական Ներկայացուածութեամբ Միակուսակցական Գերակայութիւն

May 10, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններն ու անոր վրայ ձեւաւորուած  Ազգային ժողովի 5–րդ գումարման պատկերը որոշ դիտարկումներու տեղի կու տայ եւ կը յանգեցնէ կարգ մը եզրակացութիւններու:

Նախ եւ առաջ պէտք է մտաբերել Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան ընկերային-տնտեսական համայնապատկերը եւ համեմատութիւն կատարել նման իրավիճակներու մէջ գտնուող երկիրներու  մէջ կազմակերպուող ընտրութիւններուն վրայ ազդեցութեան գործօններուն հետ: Նման ընկերային իրավիճակի մէջ ապրող հասարակութիւնը անշուշտ շատ աւելի պարարտ ենթահող կը տրամադրէ քուէահաւաքի ընթացքին դրամին, կաշառքին, ծառայութեան եւ խոստումներուն ունենալիք դերակատարութեան: Ընդ որում այդ գործօնները առաւելաբար կը վերաբերին առօրեայ կարիքներ բաւարարելու եւ ոչ թէ հեռահար նպատակներ իրականացնելու: Այս տրամաբանութիւնը կ՛առաջնորդէ այն տեսութեան ամրագրումին, որ նման իրավիճակի պահպանումը խորքին մէջ լաւագոյն միջավայրն է ինքնավերարտադրանքի մեքենականութիւնները արդիւնաւէտ աշխատցնելու համար: Չյաղթահարել աղքատութիւնը եւ վերարտադրուիլ:

Պէտք է ըսել սակայն, որ հերթական այս ընտրութիւններուն վերարտադրուելու մեքենականութիւնները աւելի պատշաճ գործեցին: Խախտումներն ու բողոքները առաւելաբար կը վերաբերէին դրամի եւ ընտրակաշառքի օգտագործման: Մինչեւ ընտրատեղամաս հասնիլը քուէարկողը անցած էր արդէն դաստիարակիչ հանգրուանէ եւ յայտնապէս ուղղորդուած կողմնորոշումի հիման վրայ իր քուէաթերթիկը զատած: Միջադէպերը փաստօրէն` անցագրի մելանի արագ ցնդումը, քուէատուփերու առջեւ ծագած որոշ վէճերը  երկրորդական նշանակութիւն ունէին այս պարագային:

Դէտերու առաջին զեկուցումները, կարգ մը դեսպաններու վկայութիւնները եւ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններէն կատարուած յայտարարութիւնները իրար ամբողջացնող բովանդակութիւն մը կը կազմեն: Ի հարկէ բացառապէս դրական շեշտադրումներ չեն պարունակեր անոնք: Կը խօսին որոշ խախտումներու մասին, այսուհանդերձ կը նկատեն բարեփոխումներ, դէպի ժողովրդավարացում առնուած քայլեր եւ կը խօսին յառաջիկային բարեփոխումները կատարելագործելու անհրաժեշտութեան մասին: Այստեղ եւս ի սկզբանէ կանխորոշուած եզրակացութիւններու մասին է խօսքը, հերթական անգամ համոզելու դիպաշարին հետեւողը, որ նման գնահատականները զուտ քաղաքական ներշնչումներ ունին: Պարզ է տրամաբանութիւնը: Դէտերը, դեսպաններն ու պաշտօնատարները տուեալ պետութեան ներկայացուցիչներն են, կը գանձեն այդ պետութիւններէն եւ պատուէր կը կատարեն պետութեան յուշած զեկուցումները պատրաստելու եւ հրապարակելու համար: Երեւոյթը կը յիշեցնէ դրամ ստացող, պատուէր կատարող եւ ըստ այնմ քուէարկող քաղաքացին: Այս պարագային, վարձատրուող, պատուէր կատարող եւ ըստ այնմ զեկուցում պատրաստող` դէտ, դեսպան, պաշտօնատար:

Նորընտիր Ազգային ժողովի պատկերը առերեւոյթ երկկողմանի մեկնաբանութեան առիթ տուող թիւեր եւ էութիւն կը փոխանցէ: Ճիշդ է, որ վեց կուսակցութիւն ներկայացուած են խորհրդարանին մէջ: Սահմանային անցողիկութիւն ապահոված կուսակցութիւններուն ներկայացուածութիւնը սակայն իր թուային պատկերով յստակ արգելքներ ունի խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան պարտադրանքները հակակշռելու, կացութիւն ստեղծելու եւ ընդհանրապէս գործադիրէն եկած օրակարգի կէտերը օրէնսդրական քննարկումներու իբրեւ արդիւնք ի հարկին կասեցնելու, բարեփոխելու կամ թուային հակադրութիւն ստեղծելու: Յստակ է, որ միակուսակցական գերակայութիւն ձեւաւորուած է Ազգային ժողովին մէջ, ինչ որ բնականաբար չի նպաստեր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական դաշտի կայացման, բազմակուսակցական դրութեան օգտակար աշխատելուն եւ ընդհանրապէս օրէնսդիր հաստատութեան իմաստաւորումին: Ընտրական գործընթացները կը թուին, թէ այնպէս ղեկավարուած են, որ իրականացուցած են բազմակուսակցական ներկայացուածութեամբ եւ միակուսակցական գերակայութեամբ Ազգային ժողով: Արդիւնքի ձեւաւորման այս մեքենականութիւնը կը յիշեցնէ այս անգամ կիրարկուած քաղաքակիրթ ընտրախախտումներու դրութիւնը: Առանց միջադէպերու, քաղաքակիրթ քարոզարշաւներով ըստ էութեան նիւթականի միջոցով քուէի զանգուածային կողմնորոշումը:

Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն առիթի հրապարակօրէն կը յայտարարէին այս ընտրութիւններուն որակական յեղափոխութիւն ապահովելու մասին: Այն ինչ որ երեւցաւ ընտրախախտումներու նպատակով կիրարկուած ձեւերու որակի փոփոխութիւնն էր: Էականը մնաց նոյնը:

Այս բոլորը թերեւս նուազ նշանակութիւն կ՛ունենան, եթէ նման պատկերով Ազգային ժողովի ձեւաւորումի նպատակը` խորհրդարանը  համահայկական կարեւոր խնդիրներու արագ վաւերացումի գործիքի վերածելը չէ: Գերտէրութիւններու պաշտօնատարներուն եւ դէտերուն դրական արձագանգումները սակայն այլ բան կը յուշեն:

 

 

Նախորդը

Օգնենք Բազմածին Արցախին. Ռատիոթոնին Առիթով

Յաջորդը

Էն. Պի. Էյ. – Փէյսըրզ Եւս Ապահովեց Փլէյ-Օֆի Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.