Ատիկա Հայաստանի ներքին գործն է, եւ մենք ոչ մէկ ձեւով կ՛ուզենք խառնուիլ այդ ներքին գործերուն: Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով այդպէս պատասխանած է Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Փաւել Զարուպինի այն հարցումին, թէ Ռուսիա ի՞նչ վերաբերմոնք ունի Հայաստանի մէջ կատարուող վերջին իրադարձութիւններուն նկատմամբ:
«Անկասկած, Հայաստան մեզի շատ բարեկամ երկիր է, եւ եկէք չմոռնանք, որ մեր մօտ քանի մը միլիոն հայ Ռուսիոյ քաղաքացիներ կան, որոնք, ի հարկէ, ցաւով կը հետեւին այդ իրադարձութիւններուն», նշած է Փեսքով: