Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քասեմ. «Իրան 12 Օր Տեւողութեամբ Յարձակումէն Յաղթական Դուրս Եկաւ, Ուստի Զինադադարը Յաղթանակի Յայտարարութիւն Է»

June 28, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, թէ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը դէմ դրաւ անարդարանալի ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումի մը, որուն Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու համար հիմնական նպատակը Դիմադրութեան կամ Պաղեստինի ազատագրութեան ձգտող որեւէ կողմի անկախ կարողութիւնը հարուածելն էր:

Ան աւելցուց, որ Իրանի մեծ յանցանքը այն էր, որ Պաղեստինի եւ պաղեստինցիներուն աջակցեցաւ, որպէսզի իրենց հողը ազատագրեն:

Շէյխ Քասեմ Աշուրայի առաջին գիշերուան ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլ ծաւալապաշտական գոյացութիւն մըն է, որ առանց բացառութեան Պաղեստինի ամբողջ հողով պիտի չբաւարարուի, ինչպէս նաեւ սուրիական Կոլանով եւ անկէ ետք գրաւուած հողերով ալ պիտի չբաւարարուի: Իսրայէլ կ՛ուզէ ամբողջ շրջանին տիրել եւ աշխատանք կը տանի իր շահերը ընդլայնելու  ի շահ ամերիկացի բռնակալին»:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ. «Իրանի վրայ յարձակումէն ի յայտ եկաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու դիրքը ինչ որ ալ է, գրեթէ ամբողջ աշխարհը դատապարտեց այդ յարձակումը, եւ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը ձախողութեան մատնեց յարձակումին երեք նպատակները` առաջին, իւրանիոմի հարստացումը ջնջելը, երկրորդ, հրթիռային ծրագիրը, երրորդ` վարչակարգը տապալել եւ իմամ սէյիտ Ալի Խամենէին թիրախաւորել»:

«Իրան իր վրայ 12 օր տեւած յարձակումէն ետք յաղթական դուրս եկաւ, եւ զինադադարը Իսլամական հանրապետութեան յաղթանակի յայտարարումն է», շեշտեց շէյխ Քասեմ:

«Իրան փաստեց, որ առանձինը կարող է դիմակայել Միացեալ Նահանգներու կարողութիւնները եւ քաղաքական ու տեղեկատուական տորմիղներն ու ճնշումները», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Մենք Լիբանանի մէջ իբրեւ Հըզպալլա, Իրանի անկախական եւ ամերիկեան տիրապետութենէն հեռու ընտրանքներուն հետ ենք, եւ մենք կը հպարտանանք, թէ Իրանի հետ ենք, եւ քաջարի առաջնորդ սէյիտ Խամենէիի հրամանատարութեան տակ ենք», նշեց շէյխ Քասեմ:

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Միջին Արեւելքի Մէջ Նոր Էջ Բացուեցաւ»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Նուազագոյն Ամսականներու Նշաձողը Բարձրացուց 28 Միլիոն Լ. Ո.-ի

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.