Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժաք Տը Լաժիւժին եւ Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի գրասենեակի նախագահ Ռոման Սոտրէն:
Ժապեր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Վճռակամ ենք շարունակելու բարեփոխումներու ծրագիրներն ու օրէնքները, հակառակ տեւական կայունութեան հաստատումը արգելակող մարտահրաւէրներուն»:
«Ճիշդ է, որ աճը կարիքը ունի օրէնքներու եւ տնտեսական ու ելեւմտական բարեկարգչական ծրագիրներու մակարդակի վրայ կառուցուածքային քայլերու, եւ ատիկա հոլովոյթ մըն է, որուն մէջ կարեւոր ճամբայ կտրեցինք, սակայն անիկա կարիքը ունի, այդ կարեւորութեան բարձր մակարդակով, քաղաքական եւ ապահովական ապահով մթնոլորտի:
«Այս կարիքը չ՛իրագործուիր միայն լիբանանեան կողմի ջանքերով, այլ նաեւ արտաքին ազդեցիկ աջակցութեամբը պետութիւններու, որոնք երաշխաւորեցին Լիբանանի վրայ յարձակումներու դադրեցումը, եւ Իսրայէլին պէտք է պարտադրել ամբողջական կերպով յարգել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի կէտերը եւ անոր առօրեայ խախտումները դադրեցնել»:
Ժապեր գնահատեց «Լիբանանին օգնող ֆրանսական դերակատարութիւնը»` վստահութիւն յայտնելով, որ «խորհրդարանը, հաշիւներու գաղտնիութեան օրէնքը վաւերացնելէն ետք պիտի արագացնէ դրամատնային մարզի կազմակերպման օրէնքի վաւերացումը, եւ երկու օրէնքներն ալ գիտական ուսումնասիրութեան յանձնուած ելեւմտական բացի օրէնքի կողքին մղում պիտի տան յառաջիկայ աշնան Լիբանանի աջակցութեան խորհրդաժողով գումարելու ֆրանսական նախաձեռնութիւնը յաջողցնելու ջանքերուն»:


