Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հովանաւորեց եւ ներկայ գտնուեցաւ կոլֆի լիբանանեան ֆետերասիոնի կազմակերպած դպրոցական 5-րդ մրցաշարքին, որուն մասնակցեցան 80 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնց տարիքները 9-էն 16-ի միջեւ էին:
Պայրագտարեան իր գնահատանքը յայտնեց կոլֆի լիբանանեան ֆետերասիոնի ջանքերուն` շեշտելով կրթական եւ մարմնակրթական մարզերուն միջեւ յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը:
Ան մասնաւորաբար յատուկ վերաբերմունք ցուցաբերեց մրցաշարքին մասնակից յատուկ կարիքներու տէր աշակերտներուն նկատմամբ:
Պայրագտարեան մրցաշարքի աւարտին բոլոր մասնակիցներուն մետալներ բաժնեց: