Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լօխ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղի 50-Ամեակի Փառաշուք Հանդիսութիւն

May 10, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային  վարչութեան երեքշաբթի, 8 մայիս  2012-ի առաւօտեան  ժամը 10:30-ին, Տըպպայէի «Նախիլ» ճաշարանին մէջ փառաշուք հանդիսութեամբ  նշուեցաւ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-ամեակը:

«Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան  ատենադպիր Սալբի Աննայեանի բացման խօսքէն ետք  ցուցադրուեցաւ 50-ամեակի յանձնախումբէն` Հուրի Միքայէլեանի եւ Լենա Գալուստեանի պատրաստած «Երկիր նայիրեան» խորագիրով տեսերիզը: Տասը վայրկեան տեւողութեամբ ու Տիգրան եւ Լենա Գալուստեաններու ընթերցումով ներկայացուած տեսերիզը կ՛անդրադառնար1962-ին ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան, գործունէութեան եւ իրագործումներուն` հասնելով մինչեւ 350 անդամ հաշուող ներկայի հանգրուանը:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք,  մասնաճիւղի ատենապետ Վարդուհի Գալայճեան, պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ձեռնարկը: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Գալայճեան բարձր գնահատեց մասնաճիւղի անդամներուն տարիներու ժրաջան գործունէութիւնը, յատկապէս նշելով` «Մեզմէ առյաւէտ հեռացած  ընկերուհիներուն յիշատակը»: «Հրաշքները կը ծնին այն ժամանակ, երբ ոչ մէկ հնար կը մնայ» ըսաւ ան` կոչ ուղղելով «ոսկեայ անդամարշաւ»-ի` ներգրաւելու նոր սերունդի երիտասարդները,  որոնք կրնան «մեծապէս նպաստել մեր աշխատանքին եւ շարունակել այս միութեան նուիրական առաքելութիւնը: «Փառք ու յարգանք  ձեզի` թանկագին ԼՕԽ-ական հիմնադիրներ, դուք մեծ նուիրումով ծառայեցիք ԼՕԽ-ին ընդհանրապէս եւ «Նայիրի» մասնաճիւղին յատկապէս: Փառաւորելով Լիբանանահայ օգնութեան խաչը միայն ձեզ փառաւորած չենք ըլլար, այլեւ` ձեզ կենսաւորող ոգին» ընդգծեց  Վարդուհի Գալայճեան: Ապա ան հրաւիրեց ԼՕԽ-ի  Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ  Յովհաննէսեանը, որ իր կարգին բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ականներու դերը` պատմական հակիրճ ակնարկով բաղդատական մը կատարելով ԼՕԽ-ի հիմնադրութեան  ու այժմու գործունէութեան պայմաններուն միջեւ: «ԼՕԽ-ը  իր մեղուաջան գործունէութեամբ տակաւին կը մնայ պատնէշի վրայ», ընդգծեց Մարալ  Յովհաննէսեան:

Այս առիթով խօսք  առաւ նաեւ  Մեթնի  գաւառապետ Մարլեն Հատտատ, որ խիստ բարձր  գնահատեց  ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին  յիսնամեայ գործունէութիւնը, զայն նմանցնելով  ցորենի հատիկին, որ «զոհաբերելով ծնունդ կու տայ նորերուն»: «Սիրոյ, հաւատքի ու խաղաղութեան  ուխտ մը կայ ձեր եւ ձեր նախորդներուն միջեւ,  շարունակեցէ՛ք ձեր գործը  ու յառա՛ջ անցէք` բարձրաճակատ ու դէպի վեր`  Աստուծոյ նայելով», ընդգծեց  Մեթնի գաւառապետը:

Ձեռնարկը շարունակուեցաւ մերթ ընթ մերթ ընթերցելով Հուրի Միքայէլեանի  համադրած  ԼՕԽ-ը ներբողող կարգախօսները:

Գեղարուեստական բաժինով երգչուհի Ցոլինէ  Յակոբեան հայերէնով, արաբերէնով եւ օտար լեզուներով իր երգեցողութեամբ մեծապէս խանդավառեց ներկաները:

Աւարտին, «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադիր ԼՕԽ-ականներէն` Անժել Սապունճեան, Շաքէ  Մխիթարեան, Ռոզվարդ Սիսեռեան, Մարի  Սալխանեան եւ Ալիս Գաւճեան  հրաւիրուեցան միասնաբար հատելու 50-ամեակի կարկանդակը:

 

Նախորդը

Շուշիի Ազատագրութեան 20-Ամեակ. Մեսրոպեանականները Ուխտեցին Բարձր Պահել Հայ Ժողովուրդի Պահանջատիրութեան Ոգին Եւ Շունչը

Յաջորդը

Զաքար Քէշիշեան Կը Մասնակցի Աւստրիոյ Էսթերազի Միջազգային Փառատօնին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.