Նահժ շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Հասան Եաաքուպ յայտարարեց. «Քաթարի մէջ ամերիկեան Ատիտ ռազմակայանին վրայ իրանեան հարուածի պարզապէս արձանագրումը յանդուգն դիրքորոշում է, որ ունի մեծ իմաստ ու պատգամ, որ Թրամփը անմիջապէս հասկցաւ, ուստի զինադադար առաջարկեց»:
«Իրականութեան մէջ Նեթանիահուն իրանեան Ֆորտօ կայանին վրայ ամերիկեան հարուածէն ետք անմիջական կերպով զինադադար խնդրած էր, որովհետեւ այդպիսով իր ժողովուրդին կրնայ այնպէս ներկայացնել, թէ իրանեան հիւլէական ծրագիրը քանդելու իր ծրագիրը իրագործած է, որովհետեւ գիտէ, թէ իր ներքին ճակատը սկսած է քայքայուիլ եւ զինք այպանել Իրանի դէմ իր արկածախնդրութիւններուն համար, եւ ատոր ակնարկած էինք ըսելով Իրանի դիմաց «կարճ շունչ». Իրան կրնար աւելիին տոկալ, եւ մինչեւ վերջին վայրկեան շարունակեց ռմբակոծել»:
«Հիմնական հարցականը Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ յառաջիկայ բանակցութիւններու կանոններն են եւ պայմաններու իրագործման մէջ հաւասարակշռութիւնը: Բանակցութիւնները հաստատօրէն իբրեւ ձեւ ու խորք փոխուած են, ինչ որ կը տապալէ Իրանի անձնատուութեան վրայ հիմնուած Թրամփի տրամաբանութիւնը», յայտնեց նախկին երեսփոխանը:
«Ասիկա կը նշանակէ, թէ շրջանը, ներառեալ Սուրիան եւ Լիբանանը, դէպի նոր դասաւորումներ կ՛ուղղուի», եզրափակեց Եաաքուպ: