Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ կը շարունակուի Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարութիւնը:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութեան համաձայն, երէկուան դատական նիստի ընթացքին ցուցմունքներով հանդէս եկած է Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան: Ան պատասխանած է դատախազներու` Արցախի դրամատնային համակարգին վերաբերող հարցումներուն:
Ըստ ազրպէյճանական աղբիւրներու, Յարութիւնեան մասնաւորաբար նշած է, որ «Արցախպանք»-ը արձանագրուած եղած Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ եւ «հայաստանեան այլ դրամատուներու համեմատ որեւէ արտօնութիւն կամ առաւելութիւն չէ ունեցած»: