Երէկ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ցաւակցագիր յղեց Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհին` օր մը առաջ Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանի յոյն ուղղափառներու Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ պատահած ահաբեկչական պայթումին առիթով:
Նախագահ Աունի ցաւակցագիրին մէջ կը նշուի. «Խոր ցաւով եւ ափսոսանքով ստացանք լուրը Դամասկոսի մէջ յոյն ուղղափառներու Ս. Եղիա եկեղեցին թիրախաւորած անարգ պայթումին, որ պատճառ հանդիսացաւ մեծաթիւ անմեղ զոհերու արձանագրման եւ ուրիշներու վիրաւորուելուն: Խստիւ կը դատապարտենք ահաբեկչական այս վախկոտ արարքը, որ թիրախաւորեց Սուրիոյ մայրաքաղաքի սրտին մէջ գտնուող սուրբ վայր մը: Կ՛ընդգծենք Լիբանանի Հանրապետութեան` իր նախագահով եւ ժողովուրդով, զօրակցութիւնը եղբայրական Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան հետ: Կը ցաւակցինք ձեզի, զոհերու ընտանեկան պարագաներուն եւ Սուրիոյ մէջ ուղղափառ եկեղեցւոյ` Աստուծմէ խնդրելով, որ զոհերը ընդունի իր լայն ողորմածութեամբ, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ վիրաւորներուն եւ բոլոր չարիքներէն պահէ Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին միասնականութիւնը»:
Նախագահ Աուն երէկ առաւօտուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին հետ: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց պատրիարքին ահաբեկչական պայթումի զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: Նախագահ Աուն պատրիարքին արտայայտեց իր խստագոյն դատապարտումը այս ոճիրին, ինչպէս նաեւ իր զօրակցութիւնը զոհերու հարազատներուն, վիրաւորներուն եւ սուրիացի ժողովուրդին: