Այս շաբաթ ընթացք առաւ տարուան 3-րդ կրան շլեմի թենիսի մրցաշարքը` Ուիմպըլտընի մէջ:
Շաբաթավերջին Լոնտոնի Քուինզ Քլապի թենիս մրցաշարքը շահեցաւ թիւ 2 թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս (Սպանիա), որ պարտութեան մատնեց չեխ Յիրի Լեհեչքան (թիւ 25) 7-5, 6-7 եւ 6-2 արդիւնքով` ցոյց տալով, որ թիւ 1 թեկնածուն կը մնայ խոտով ծածկուած Ուիմպըլտընի մրցաշարքին:
Լեհեչքա կիսաւարտականին դուրս ձգած էր այս մրցաշարքին 2-րդ դասուած Ճեք Տրէյփըրը` 6-4, 4-6 եւ 7-5 արդիւնքով: Տրէյփըր, որ աշխարհի թիւ 4 դասուած թենիսմենն է, կը նկատուէր թիւ 1 մրցակիցը, մանաւանդ որ կը վայելէր Լոնտոնի հանդիսատեսներուն քաջալերանքը:
Գերմանիոյ «Հալլէ» թենիսի մրցաշարքին Ալեքսանտր Պուպլիք (թիւ 30) շարուանկեց իր անակնկալներու շարքը եւ աւարտականին պարտութեան մատնեց ռուս Տանիլ Մետվետեւը` 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով:
Ծնունդով ռուս, բայց ղազախական քաղաքացիութիւն ունեցող Պուպլիք Բ. հանգրուանին դուրս ձգած էր թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըրը 3-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով, ապա կիսաւարտականին ռուսահայ Կարէն Խաչանովը` 6-4, 6-7 եւ 4-6 արդիւնքով:
Մետվետեւ կիսաւարտականին դուրս ձգած էր թիւ 1 դասուած (աշխարհի թիւ 3) Ալեքսանտր Զվերեւը` 7-6, 6-7 եւ 6-4 արդիւնքով:
Պերլինի աղջկանց թենիսի մրցաշարքը շահեցաւ չեխ Մարքիթա Վոնտրուշովա, որ աւարտականին 7-6 (12-10), 4-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց Չինաստանի Ժինիու Ուանկին:
Այժմ թիւ 73 թենիսվումըն Վոնտրուշովա, որ 2023-ին շահած էր Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքը, կիսաւարտականին անակնկալի մատնած էր աշխարհի թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքան` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով: