Սլովաքիոյ մէջ շարունակուեցան երիտասարդներու (21 տարեկանէն վար) Եւրոպայի ախոյեանութեան (Եուրօ) մրցումները, որոնց ծիրին մէջ տեղի ունեցան քառորդ աւարտականի մրցումները:
Ֆրանսա Դանիոյ դէմ մրցումին 2-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցաւ 84-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն 2 կոլ նշանակել եւ հասնիլ կիսաւարտական:
Յաղթանակի կոլը նշանակեց Պայերն Միւնիխի նախկին յառաջապահ Մաթայս Թել, որ այժմ Թոթենհամին մաս կը կազմէ:
Գերմանիա պէտք ունեցաւ երկարաձգման` դուրս ձգելու Իտալիան 3-2 արդիւնքով: Պըրնլիի յառաջապահ Լուքա Քոլիոշօ նշանակեց Իտալիոյ եւ մրցումին առաջին կոլը 58-րդ վայրկեանին: Գերմանիոյ մարզիչ Տի Սալվօ 3 փոխարինումներ կատարելէ ետք խումբը աւելի լաւ վիճակ ունեցաւ, եւ Նիք Վոլթըմատէ նշանակեց 6 վայրկեան ետք: 81-րդ վայրկեանին Լիծի յառաջապահ Ուիլֆրիտ Կնոնթօ իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալէ ետք վտարուեցաւ դաշտէն: 87րդ վայրկեանին Նելսոն Վայփըր նշանակեց Գերմանիոյ 2-րդ կոլը: Լուկանոյի պաշտպան Մաթիա Զանոթթի կոշտ խաղարկութենէ ետք դեղին քարտ մը ստացաւ եւ բողոքելէ ետք վտարուեցաւ դաշտէն: 96-րդ վայրկեանին Ֆրոսինոնէի յառաջապահ Ճիուզեփէ Ամպրոսինօ, որ 8 վայրկեան առաջ դաշտ ներկայացած էր, ազատ հարուածով գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց` մրցումին արդիւնքը հաւասարեցնելով:
117-րդ վայրկեանին Գերմանիոյ ճնշումը կոլի վերածուեցաւ, երբ Նաթանիէլ Պրաունի փոխանցումէն օգտուելով Մերլին Ռոհլ անզսպելի հարուածով նշանակեց Գերմանիոյ յաղթանակի կոլը:
Չորեքշաբթի օր, կիսաւարտականին Գերմանիա պիտի մրցի Ֆրանսայի դէմ մինչ նոյն օրը միւս կիսաւարտականին Անգլիա պիտի մրցի Նետերլանտներու դէմ, քառորդ աւարտականին Անգլիա անակնկալի մատնած էր Սպանիան (3-1), իսկ Նետերլանտներ` Փորթուգալը (1-0):