Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական ֆորումին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Ռուսիա մտահոգ է, որ Հայաստանի խորացող եւրոպական համարկումը կրնայ պատճառ ըլլալ ռուսական օդանաւերուն դիմաց անոր օդային տարածքի փակման:
«Տեսէք, մենք ներկայիս Եւրոպական Միութեան հետ օդային երթեւեկութիւն չունինք: Եւրոպական Միութիւնը ռուսական օդանաւերուն դիմաց իր երկինքը փակած է: Արդեօք Հայաստա՞ն եւս պիտի փակէ իր երկինքը: Եթէ դուք միանաք Եւրոպական Միութեան, այո՛, որովհետեւ Պրիւքսել ձեզի պիտի ըսէ` փակեցէ՛ք երկինքը, եւ դուք պիտի փակէք երկինքը, եւ դուք այլընտրանք չէք ունենար», ըսաւ Օվերչուք, ըստ որուն, հաւանական սահմանափակումը պիտի ազդէ մեծ թիւով թռիչքներու վրայ եւ պիտի վտանգէ բեռնափոխադրութեան համակարգը: Ան նշեց, որ այդ պարագային, հարիւրաւոր թռիչքները պիտի կատարուին Թիֆլիսի վրայով` աւելցնելով, որ հարց պիտի ստեղծուի նաեւ ցամաքային երթեւեկութեան մէջ: «Որովհետեւ հայկական բեռնատարը պիտի հասնի Վերին Լարս, այնուհետեւ բեռը պիտի տեղափոխուի պիելոռուսական կամ ռուսական բեռնատարի մը, որ բեռը պիտի տանի Ռուսիա, իսկ հայ վարորդը պիտի վերադառնայ Հայաստան: Այս է, որ իրականութեան մէջ կրնայ տեղի ունենալ»:
Օվերչուք շեշտեց, որ այս բոլորը կարելի չէ նկատի չունենալ եւ այս հարցերուն մասին չմտածել: