Քրեմլին ուշադիր կը հետեւի «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի ղեկավար Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալութեան առնչուած կացութեան: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Անոր համաձայն, անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիան պատրաստ է անոր որեւէ օգնութիւն ցուցաբերելու:
«Ի հարկէ, մենք կը հետեւինք: Մեզի համար ան Ռուսիոյ քաղաքացի է: Մենք չենք ուզեր միջամտել Հայաստանի ներքին գործերուն, սակայն մենք, ի հարկէ, ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւինք Ռուսիոյ քաղաքացիի առնչուած ամէն ինչին», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով: