Պուրճ Համուտի քաղաքապետը կը յայտարարէ 2025 թուականին քաղաքապետական բոլոր գանձելի տուրքերու ցուցակներու հրապարակումը` հիմնուելով քաղաքապետական տուրքերու թիւ 88/60 օրէնքի 104-րդ յօդուածին վրայ, միաժամանակ ան նկատել կու տայ հետեւեալը.
Ա.- Հիմնուելով քաղաքապետական տուրքերու թիւ 88/60 օրէնքի 106-րդ յօդուածին վրայ, Պուրճ Համուտի բնակիչները պէտք է անմիջապէս վճարեն քաղաքապետական գանձելի տուրքերը այս յայտարարութեան պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակումէն ետք երկու ամսուան ժամանակամիջոցին:
Բ.- Հիմնուելով քաղաքապետական տուրքերու թիւ 88/60 օրէնքի 109-րդ յօդուածին վրայ, տուրքերը վճարելու առումով, 2 տոկոսի տուգանք կը պարտադրուի իւրաքանչիւր մէկ ամսուան ուշացումի պարագային, եւ չամբողջացած ամիսը կը նկատուի ամբողջացած մէկ ամիս:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Պուրճ Համուտ
11 յունիս 2025