Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ա.- Որմազդը.- Չոր ճաթռտած (մասնատուա՞ծ) տափաստանի (սփի՞ւռք) մէջ առանձին (արուեստագէ՞տ), ջլատուած կիզուած արմատներով (ածխացած անաւիշ աւա՞նդ) եւ ջարդուած ճիւղերով (յօտուած ապագա՞յ) ծառը ակնբախօրէն ՄԱ՛Հ , ոչնչացում կը թելադրէ, եւ ոչ` «կեանք»: Ո՛չ բարի: Այդ հակադիր է  «Պարոն Կարպիս»-ի ցանել մտադրած ծառին, որ գեղեցիկ խորհրդանիշ մըն է: Խորհրդանշական ծառ մը կը յայտնուի ներկայ թատերակին մէջ եւս` իբրեւ անխնամ մնացած կիտրոնի տունկ (վտանգուած ընտանի՞ք): Վ. Պէրպէրեանի յանձնուած յուշանուէրի ծառը բարեմաղթական ընձիւղներ տուած է: Բարի՛: Որմազդը կը հակադրուի երկուքին, բայց թերեւս կը համընկնի թատերակի ոչ աներկբայօրէն բարեզարդ աւարտին:

Բեմայարդարում.- Երկու միջավայրեր ներկայացնելու համար, ի տարբերութիւն բնագիրի թելադրութեան, բեմադրիչը գործածած էր շրջող բեմ, թերեւս որպէսզի շարժումի համար յաւելեալ տարածութիւն ստեղծուի կրկնակի բեմայարդարումի գնով: Շարժումը, սակայն, շատ քիչ ներդրում ունի գործի մը մէջ, ուր հիմնականը երկխօսութիւնն է: Պատէն կախ պաստառները չէին թելադրեր հիւանդանոցային ճնշող մթնոլորտ, ինչպէս եւ` մտաւորական նկարչական աչք ունեցող զոյգի մը իմաստալից ընտրութիւն: Գոյնզգոյն խմիչքի շիշերն ու առկախ բաժակները յարիր են գինետան, ոչ` բազմազբաղ արուեստագէտ զոյգի, թէկուզ անոնք ունենան բազում այցելուներ: Խորապատկերի անշարժ մասերը հասկնալիօրէն մոխրագոյն են: Մահճակալը բեմի ձախ (թոյլ) կողմի վրայ էր: Իսկ Լեւոնի «գրասեղան»-ը` բեմի կեդրոնին: Ակնյայտօրէն` անիրապաշտ: Բարի՛:

Երաժշտութիւն.- Բնագիրին մէջ բացայայտօրէն նշուած են երկու գործեր. Ա.- Gypsy Road (Գնչուական ճանապարհ Cinderella, 1988), որ կ՛ըսէ` «Հիմա այն չեմ, ինչ էի … Աստուա՛ծ իմ, կը փորձեմ …»: Բացատրելու հարկ կա՞յ: Երկրորդը, որ բեմէն լսուեցաւ «արկածին» նախորդող բուռն տեսարանին բացման ընթացքին կարճ (օտար գործը ճանչնալու համար անբաւարար) պահ մը, «La Wally» օփերայէն առնուած այն արիան է, ուր ինքնասպանութիւն գործող հերոսուհին կ՛ըսէ. «Այդպէ՞ս` ուրեմն ես շատ հեռու կ՛երթամ» (7): Ի տարբերութիւն հանդիսատեսին` հեղինակը, ուրեմն եւ` Հայկ, վստահաբար ծանօթ են այդ օփերայի ողբերգական աւարտին: Ինքնասպանութեան ազդանի՞շ (hint):

Աւարտական տեսարանի երաժշտական խորապատկերն էր Տէրեանի  «Էստոնական»-ի մեղեդին (8): Տխուր տուտուկը հաւանաբար դիտաւորեալ կերպով  կը հակադրուէր ընտանիքի զուարթ տրամադրութեան: Բարի՛: Նաեւ հաւանաբար մեղեդին ընտրուած էր, որովհետեւ անբարբառ կ՛ըսէ. «Դարձիր իմ մօտ, վերադարձիր դու նորից / Ցաւած սիրտս միայն քեզնով է շնչել / Չի կամենալ նա վերստին քեզ տանջել»: Չբացատրե՞մ, լա՛ւ, բարի: Հայկի ինքնասպանական արկածը ներկայացուեցաւ ոչ թէ իրապաշտ դղրդիւնով, այլ` երաժշտութեամբ: Շա՛տ բարի:

Խորապատկերի գեղեցիկ երաժշտութիւնը էապէս «Ցիմմըրեան» է: Կողքի գծապատկերը ցոյց կու տայ հիմնական մելոտին (musical phrase)` ըստ իմ նոթագրութեանս: Երաժշտութիւնը անոր զարգացումն է (variation) այլազան ձեւերով: Hans Zimmer-ի (1957-) Ցիմմըրի լայն ժողովրդականութիւնը կարելի է վերագրել այն հանգամանքին, որ հմուտ երաժիշտը ելեկտրոնային միջոցներով կը յօրինէ հարուստ հնչեղութեամբ պարզ մեղեդիներ, որոնք «դիւրընթեռնլի» են, կը դիմեն ունկնդիրի ոչ թէ մտքին, այլ` զգացումներուն: Ցիմմըրի լայնօրէն օգտագործած յատկանշական  տարրերէն մէկն է կանոնաչափային (metronomic) կշռոյթի «զարկերը», որոնք այս պարագային կը ներկայացնէին սրտի բաբախումներ: Ոչի՛նչ, բարի:

Լուսաւորում.- Բեմը ընդհանրապէս հաւասարապէս լուսաւորուած էր: Այդ յարիր է կատակերգական ելոյթներու: Ո՛չ բարի: Վերջին ելոյթին մէջ, նախքան աւարտական երկու տեսարանները, ուր Սոնա առանձին է, եւ ուր Լեւոն կը սպաննէ Հայկը, կիսամութ բեմին վրայ դիտաւորեալ թէ այլ կերպով գործածուեցան բեմահարթակի յառաջամասի կողմնակի լուսարձակները: Խորապատկերին վրայ կը տեսնուէին Լեւոնի ճիւղաւորուած շուքերը: Այդ կրնար խորհրդանշել կերպարի երկփեղում: Շա՛տ բարի:

Կերպարներ  եւ խաղարկութիւն.- Առաջին ակնբախ, արտասովոր հանգամանքը այն է, որ վեց կերպարներէն չորսը (2/3) իգական են: Շա՛տ բարի: Աւելի՛ն. թատրերգութեան հիմնական նախագուսանը (protagonist) ոչ թէ խամրած Հայկն է, այլ իր կենսունակութիւնը պահպանած Սոնան: Գոհար Քերոփեանի ե՛ւ կրակոտ ե՛ւ զգայուն խաղարկութիւնը հոյակա՛պ էր: Շա՛տ, շատ բարի: Մօր կերպարը յիշել կու տայ դար մը առաջ Շահնուրի յօրինած «Պճեղ մը սիրտ»-ի Եփրաքսէ հանըմը, այն տարբերութեամբ, որ կինը նստած է ոչ թէ ինքնասպանութեան հակամէտ անծանօթ տղու կողքին, այլ` «ինքնամահաքուն» կատարած հարազատ որդիի: Ինչպէս սպասելի էր, յոյժ փորձառու դերասանուհի Այտա Սրապոնեան անգամ մը եւս վարպետութեամբ կատարեց իր դերը, թէեւ նախընտրելի էր, որ անոր երկխօսութենէն զեղչուէին ծափերով շեշտուած «Ստեփան բան բան»-ը եւ շարք մը նման ծիծաղաշարժ արտայայտութիւններ ու բազում տատիկեան «քլիշէ»-ներ: Այս դիտողութիւնը, սակայն, կը վերաբերի ոչ թէ դերասանուհիին, այլ` բնագիրին եւ բեմադրութեան: Ո՛չ բարի:

Իբրեւ ակնբախ հակադրութիւն իրենց մօր` դուստրերուն կերպարները, որոնցմէ մին` մազերը (իբր) գոյնզգոյն ներկած, անվրդով են, կամ այդպէս կը թուին: Այդ ի հարկէ մեկնաբանելի է: Այն հանդիսատեսը, որ անքուն գիշերներ անցուցած է մահացող հարազատի մը քով, չի կրնար նման կեցուածք մը ընդունելի գտնել: Պէրպէրեան թերեւս ուզած է ակնարկել տոհմիկ բարքերու անկումին: Թերեւս ալ դուստրերը կը ծածկեն իրենց տագնապը, որպէսզի առաւել եւս չծանրացնեն իրենց մօր եւ տատիկին ցաւը: Այլ խօսքով, այս երկու կերպարները երկբայական են: Հարկ էր, որ խաղարկութիւնը արտայայտէր այդ կարեւոր նրբութիւնը: Թերացումը կը վերագրեմ բեմադրութեան: Հուրի Պապահէքեան եւ Սարին Օհանեան տուին այն, ինչ պահանջուած էր իրենցմէ: Բարի՛:

Անհեթեթ կերպար է ե՛ւ հայ ե՛ւ սրտցաւ ե՛ւ զուարճախօս ե՛ւ հեղինակին ԲՈԼՈՐ գործերուն ծանօթ կնոջ որդի հիւանդապահը: Կատակերգակ ծանօթ դերասան Յարութ Մանուկեան քիչ մը աւելիով տուաւ այն, ինչ պահանջուած էր իրմէ: Բարի՛: Մահաքունի դերը կրնար վստահուիլ մանըքենի մը, հարկ չկար երկար ժամեր տանջելու Ռաֆայէլ Կիւմիւշեանը: Յամենայն դէպս` վա՛րձքը կատա՛ր:

Ամէնէն դժուար մարմնաւորելին Հայկն է, որ համակրելի կերպար մը չէ: Բացի այդ` դերակատարին համար կան բազում մարտահրաւէրներ. նախ` հիւանդանոցային տեսարաններու երկար մենախօսութիւններու ընթացքին  հարկ է պահել հանդիսատեսին ուշադրութիւնը:  Տարագճեան, որ իր դերերը լրջօրէն կ՛ուսումնասիրէ, տուաւ երկու ակնյայտօրէն զատորոշ կերպարներ: Շա՛տ բարի: Տնային տեսարանները յաջող էին, որովհետեւ այդտեղ կար միայն յոգնած, դադրած, ջղային «Հայկ»-ը: Բարի՛: Հիւանդանոցային տեսարանները, սակայն,  շատ աւելի բարդ են, որովհետեւ այդտեղ հարկ էր, որ դերակատարը երկփեղուի, աւելի՛ն, «ճիւղաւորուի»: Այսինքն հարկ է, որ «Լեւոն» ոչ միայն հանդիսատեսին ձեւով մը «թելադրէ» մահաքունի մէջ եղող «Հայկ»-ի լուռ պատասխանները, այլ նաեւ կատարէ հին յունական պատմող «քորուս»-ի դեր` ԱՌԱՆՑ կորսնցնելու ներքին ինքնութիւնը: Գրեթէ անկարելի առաջադրանք: Տարագճեան տուաւ կարելին: Բարի՛: Հեղինակին կողմէ բնագիրին մէջ բացայայտօրէն նշուած են ոչ նուազ քան 9 դադարներ, հաւանաբար որպէսզի նրբութիւնը այս կամ այն կերպ իրագործուի: Ելոյթներուն մէջ, սակայն, դադարները ցաւօք զեղչուած էին: Դերակարարը ՇԱՏ արագ կշռոյթով անընդմէջ շարունակեց մենախօսութիւնը` շրջելով բեմին վրայ: Այլ խօսքով, շարժումը աւելի կարեւոր նկատուած էր, քան` ասքի ընկալումը: Ո՛չ բարի: Նոյնինքն բնագիրի եւ հաւանաբար բեմադրիչի թելադրութեամբ «Լեւոն» հեգնող-խրատող աւագ եղբօր նման կը մօտենար: Չափազանց  կլանուած կը թուէր իր գործով, Հայկին կը դիմէր «միջանկեալ»: Դերակատարին ձեռքերը ընդհանրապէս գրպաններուն մէջ էին: Այդ մարմնի լեզուն (body language) յարիր չէ՛ ճգնաժամային կացութեան: Ո՛չ բարի: Նաեւ շատ  հաւանաբար բեմադրիչի թելադրութեամբ Տարագճեան սպանութեան տեսարանը կատարեց զգայացունց տպաւորութիւն ստեղծելու մտադրութեամբ (թեքսթը յօդս շպրտել, ջղագար գոռալ եւ այլն):  Աւարտական տեսարանի «Յարութեան» մասին` աւելի ուշ:

Մեկնաբանական.- Կարելի չէ բնագիրը տառացի ընկալել: Կան ակնյայտ բժշկական մանր սխալներ (ինչպէս` սնդիկ ջերմաչափ եւ անտեղի վիրակապեր) հիմնական խախտումը, սակայն, բժշկական է: Ջղագիտութիւնը կ՛ըսէ, որ միջին տարիքի անձի մը ուղեղի ծանր վնասուածքէ եւ 7 ամսուան մահաքունէ ետք գիտակցութեան, որոշ շարժումի եւ խօսքի վերականգնումը յոյժ անհաւանական է, չըսելու համար` անկարելի: Այդ թերեւս կարելի է մանուկի մը համար, պայմանաւ որ մահաքունը տեւէ նուազ քան մէկ ամիս  (1):

Ուրեմն Հայկին մահաքուն մուտքն ու ելքը այլաբանակա՛ն են: Դէպքերը ծայրէ ծայր կը պատահին Հայկին մտքին մէջ: Չի՛ք ինքնաշարժի արկած, չի՛ք եօթը ամիս տեւող ֆիզիքական մահաքուն: Թերեւս չի՛ք նոյնիսկ իտալական ճաշարան եւ պարսիկ «պոյֆրենտ»: Առ այդ, պէտք չէ դիպաշարի ժամանակագրական շարքն ու տեւողութիւնը տառացի ընկալել: Այլապէս, ինչպէ՞ս կարելի է, որ Հայկի միւս եսը Լեւոն, իր վերջին տեսարանին մէջ աւարտած եւ անբացատրելիօրէն յօդս շպրտած (յաջող) թատերակը ՆԱԽՈՐԴ տեսարանի մէջ յայտնուի Հայկի բազմոցին տակ(2): Աւելի՛ն. ինչպէ՞ս կարելի է, որ ֆիզիքապէս սպաննուածը յարութիւն առնէ: Սպանութիւնը ուրեմն մտայի՛ն էր: Նախքան «արկած»` Հայկ  ցաւոտ կ՛ակնարկէ, թէ ինչպիսի՛ ընթացք կ՛ակնկալէ իր հարազատներէն եթէ մահանայ: Առկայ էր նաեւ գերբնական տարրը` հարազատներու խորհրդաւոր երազներով: Բեմադրիչը իր կողմէ բնագիրին յաւելած էր աւելի ակնյայտ գերբնական տարր` յանձին Հայկի «հոգիին», որ առնուազն երկու անգամ պահ մը դուրս եկաւ քուլիսներու մթութենէն եւ խոհուն դիտեց հարազատները: Բարի՛:

Ելոյթին աւարտը կրնար դիպուկ ըլլալ գեղարուեստական առումով: Իրապաշտօրէն ի հարկէ ճի՛շդ է, որ ծանր արկածէ եւ եօթը ամիս տեւած մահաքունէ ետք թատերագիրը հազիւ թէ կարենար մատը շարժել եւ բառ մը արտասանել: Այդ առումով, Տարագճեան ճշգրտօրէն մարմնաւորեց Հայկի տժգոյն վերադարձը (3): Հանդիսատեսին թելադրեց աւելի կարեկցանք, քան` խանդավառութիւն: Շա՛տ բարի: Թատրերգութիւնը, սակայն, իրապաշտ չէ՛, Պէրպէրեանին հիմնական պատգամը ստեղծագործ ոգիի յաղթանակն է` ընդդէմ գերակայ նիւթական խոչընդոտներուն: Ի հեճուկս նաեւ իր յոռետես խառնուածքին: Պէրպէրեանին առաջադրանքն է` յուսադրել նախ հանդիսատեսը եւ ապա հետեւաբար` ինքզինք: Ա՛յդ է յարիր «տխուր հտպիտ»-ի մը: Առ այդ, ոչ միայն ներելի, այլեւ նախընտրելի էր աւելի «առոյգ», աւելի «հրաշափառ» յարութիւն:

Յամենայն դէպս, շա՛տ բարի: Պէտք է յուսալ, որ ելոյթներու ստեղծած խանդավառութիւնը չի հանգիր: Բարի՛ երթ` «Թեաթրոն»-ի խենթերուն:

5 յունիս 2025

(Շար. 2 եւ վերջ)

———–

  1. National Institute of Neurological Disorders and Stroke Traumatic Brain Injury Guidelines (https://www.ninds.nih.gov › health) Չափահաս ի մը պարագային համար կ՛ըսէ.- 7-month coma after massive unilateral damage would involve irreversible thalamocortical disruption and ascending reticular activating system failure. Meaningful recovery of consciousness is physiologically unsupported.  (իմա` անհիմն) The scenario violates three foundational principles of adult neurotrauma: Irreversibility of neuronal death,Time-limited window for spontaneous recovery  & Somatotopic rigidity of eloquent cortex.
  2. Բացատրութիւնը թերեւս Պէրպէրեանի այն դրոյթէն, թէ «նորէ-նոր» սկսելու համար հարկ է նախ «ամէնէն սիրած բանը թափել»: Բարի:
  3.  Նման կարողութիւն, լաւագոյն պարագային, պիտի պահանջէր ամիսներու եւ թերեւս տարիներու վրայ երկարող բուժում (Physical therapy):
Նախորդը

Հեռաձայնային կապ «Ալիք»-ի հետ

Յաջորդը

Աստ Եւ Անդ, Հայը Կը Գոհանայ Խօսքով

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?