Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Հեղինակ Եւ Բնագիր

Յունիս 16, 2025
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Թեաթրոն» թատերախումբը 10-30 մայիսի ընթացքին, Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ, լեցուն սրահներու դիմաց ներկայացուց Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերակը` հինգ ելոյթներով: Դիտած եմ վերջին երկուքը: Ողջունելի է հայկական ժամանակակից թատրերգութեան մը ընտրութիւնը: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Իսկ հեղինակին ներկայութեամբ նման բարդ գործով բեմ բարձրանալու փորձը կը ստանայ արիութեան երկաթեայ շքանշան: Շա՛տ բարի: Ցարդ հրապարակուած են հինգ գնահատական ակնարկներ: Պարզ է, որ ելոյթները արժանի են հանգամանալից քննարկումի:

Նախընթացներ.- Վահէ Պէրպէրեան, որ մեծ ժողովրդականութիւն ունի որպէս մենակատար կատակաբան (stand up comedian), թատրոն մտած է, երբ տակաւին Պէյրութ էր: Լիբանանահայ ընթերցողը թերեւս ծանօթ է «Պարոն Կարպիս»-ին, որ այստեղ բեմադրուած է նոյնպէս Սուրէն Խտըշեանի կողմէ: Պէրպէրեանի մնացեալ թատերակներուն մասին համացանցին վրայ հաւաստի քիչ տեղեկութիւն կարողացած եմ տեսնել: Զանց պիտի առնեմ այն ելոյթները, որոնք կարճ սքեչներու համադրումի բնոյթ ունին:

 «Գիշերային այցելուն» (The Night Visitor, 1977).- Անգլերէնով ներկայացուած` Օնթարիոյի մէջ: Մղձաւանջային այցելու մը կեանքեր կ՛այլափոխէ: Այլաբանական գերիրապաշտ-անհեթեթ-ինքնակենսագրական բնոյթի գործ, որ կը խօսի արտագաղթած, տեղափոխուած մարդու ինքնութեան փնտռտուքին մասին: Նկատել շեշտաւորումները:

«Առաջին ելք» (Exit One 1977).- Մէկ արարանոց, սուր երկխօսութեան վրայ հիմնուած:  Քաոսային իրականութեան մէջ բանտուած տարբեր նկարագիրի տէր անհատներու փրկութեան փնտռտուք մըն է: Պարզ չէ, թէ ո՛ւր է «Ելքը»:

«Բոյն մը ծովեզերքին» (A Nest at the Beach,  1978).- Կրկին` տեղափոխուած մարդու ընկերային յարաբերութիւններու եւ ինքնութեան փնտռտուքի շուրջ: Վերնագիրը կը թելադրէ ծննդավայր Լիբանանը:

«Աւազախրում» (Quicksand, 1987).- Թերեւս` նախորդ երեք թատերակներու բներգով:

«200».- (1989) Ի գիտութիւն անգիտաց, «Belote» խաղի մէջ 4 «վալէ» ունեցող ձեռքը կրնայ շատ բարձր (200) կէտ ստանալ, եթէ ինքն ու իր ընկերը ճիշդ խաղան: Նման «ձեռքը» ունենալու հաւանականութիւնը թուաբանականօրէն նուազ քան 1/100 է:  Թատերակին մէջ 4 ընկերներ (այսինքն չորս տղայ, կրկնե՞մ) գրեթէ ամէն օր կը հանդիպին պլոթ խաղալու: Խաղը, ինչպէս բոլորս գիտենք, պատրուակ մըն է իրարու հետ ըլլալու: Վերնագիրը խորհրդանշական է քանի մը իմաստով: Ինչպէ՞ս արժեւորել, օրինակ, հազուադէպ ներկայացող «չորս տղու» սերտ ընկերներու  ուժը: Իմ երբեմնի շարք մը պլոթի խաղընկերներու անդենական մեկնումէն ետք կը փափաքէի կարդալ այս գործը:

«Վանդակէն դուրս» (Out of the cage, 2009).- Սքեչներու շարք մը, որ հասանելի է համացանցի վրայ: Դիտած եմ երկրորդը` «Եռանկիւն»-ը, որ կը ձաղկէ հայկական կուսակցութիւններու ժողովները: Ընթերցողին կը թողում կռահել, թէ ինչո՞ւ եռանկիւն եւ ոչ, օրինակ, հնգանկիւն:

Հռչակագիր, կամ` վարդագոյն փիղը (The Pink Elephant, 1988).- Կարելի է, թերեւս եւ հա՛րկ է համարել Պէրպէրեանի «հռչակագիրը» (manifesto)` ընդհանրապէս կեանքի եւ մասնաւորաբար թատրոնի վերաբերեալ: Ընտրուած ձեւաչափն է «թատրոն` թատրոնի մէջ», աւելի ճիշդ` թատերական ելոյթի փորձ` թատրոնի մէջ, վստահաբար ընտրուած է, որպէսզի կերպարները կարենան յանձնառու թատրոնի շուրջ երկխօսութիւն ունենալ:  Պատրաստուող անհեթեթ բնոյթի թատերակը ուղղուած է ընդդէմ բռնատիրական (մեկնաբանելի) իշխանութեան մը, որ կը կաշկանդէ միտքերը: Գործողութիւնը կը պատահի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնական շրջանին: Թատերակը արժանի է առանձին վերլուծումի, որովհետեւ բազմաթիւ հարցեր կ՛արծարծէ (1): Այդտեղ ներկայ թատրերգութեան առնչուող ամէնէն ակնբախ բներգը ՄԱ՛Հն է, որ համեմատաբար կարճ թատերակին մէջ այս կամ այն կերպ կը շեշտուի ոչ նուազ քան տասն անգամ: «Կեանք»-ին հետ ամէնէն ցցուն զուգահեռը կեդրոնական կերպարը, Պէրպէրեանի փոխնակ թուացող Սիմոնն է, որ իր մահուան «թատերափորձ»-ը կ՛ընէ, ապա յարութիւն կ՛առնէ, ինչպէս` «Կեանք»-ին մէջ Հայկը: Ի դէպ, «Պարոն Կարպիս»-ի  մէջ եւս առկայ է մահուան ուրուականը: Թատերակը կ՛աւարտի Վահէ-Սիմոնի մահապատիժով: Այդ աղաղակող բողոք մըն է հայկական (եւ ոչ միայն) կազմակերպութիւններու գործադրած մտքերու կաշկանդումին: Դատավճիռի ամբաստանագիրը կը համընկնի հռչակագիրի դրոյթներուն, որոնք աններելի յանցանքներ կը սեպուին պահպանողական կազմակերպութիւններու կողմէ: Եւ, այո՛, հռչակագիրին մէջ տեղ գտած են նաեւ Պէրպէրեանի ստեղծագործական միւս երկու դաշտերը` նկարչութիւնն ու վէպը:

Տեսակցութեան մը ընթացքին Պէրպէրեան յայտնեց, որ վերջերս հեղինակած է երկու անաւարտ թատրերգութիւններ, որոնք առայժմ կը կոչուին «Մահ» եւ «Արիզոնա», որ Լոս Անճելըսի կից շարք մը ուեսթըրն ժապաւէններու թատր ընտրուած կարմրաւուն անապատն է…

Բնագիրի տառացի ամփոփում.- Պէրպէրեանի թատերակը էապէս այլաբանական է: Այստեղ կը նկարագրեմ այն, ինչ որ մակերեսայնօրէն տեսանելի էր բեմին վրայ:

«Հայկ»` մեծ ժողովրդականութիւն վայելող թատերագիր մը (ինչպէս Պէրպէրեան), որ նախապէս շատ աշխուժ եղած է որպէս յեղափոխական (ինչպէս Պէրպէրեան), որ` շրջան մը աշխատած է լրագիրի մը մէջ, (ինչպէս Պէրպէրեան), որ` շրջան մը եղած է Փարիզ (ինչպէս Պէրպէրեան), որ` առնչուած է նկարչութեան (ինչպէս Պէրպէրեան)… Ուզած է ներգաղթել Հայաստան…

Հայկ, ինչպէս` բազմաթիւ այլ արուեստագէտներ, կ՛ունենայ «կեանքի կիսու տագնապ» (mid life crisis): Կը սկսի զգալ, թէ այլեւս «ըսելիք չունի», «վերջացած» է: Թերեւս ինքնավստահութեան կորուստի պատճառով կը կասկածի կնոջմէ եւ կը հեռանայ անկէ: Թերեւս որպէս փախուստի պատրուակ` կը դառնայ ճաշարանատէր, թէեւ ոչ մէկ հմտութիւն ունի այդ մարզին մէջ: Այդ հոգեկան ընտրովի մահաքուն մըն է: Կինը` Սոնան, որ երբեմնի հին օրերուն սիրահարած էր Հայկին որպէս աշխուժ, բեղմնաւոր յեղափոխականի մը, կը մերժէ  հետեւիլ անոր օրինակին եւ դառնալ տան տնտեսուհի: Կը յարի գործօն արուեստագէտի մը: Անտանելի դարձած հոգեկան տագնապը կը յանգի անձնասպանութեան: Անձնասպանութեան միջոցը ինքնաշարժի արկածն է (2): Հարուածը կը ստանայ գլխէն, իմա՛ մտքէն: Հայկի միւս եսը (alter ego)` Լեւոն, որ մնայուն ներկայութիւն է բեմին վրայ որպէս հեղինակ, «կը խեղդէ» մահաքունը: Թատերագիրը յարութիւն կ՛առնէ, սակայն` ոչ նովին մարմնով եւ փառօք երբեմնի…: Ոչ միանշանակ բարեզարդ աւարտ: Բացի այդ` Հայկ արու զաւակ չունի, ոչ ո՞ք պիտի ժառանգէ անոր խորհրդանշական ազգանունը: Մտաբերել ելոյթին որմազդը:

Հեղինակը.– Ինչպէս բազմաթիւ ականաւոր երգիծաբաններ, Վ. Պէրպէրեան ի՛ր իսկ վկայութեամբ եւ ինչպէս իր դէմքի այտայայտութիւնը յաճախ կը ցոլացնէ, տխո՛ւր անձնաւորութիւն մըն է: «Ես ընկճուածութեան միտող անձ մըն եմ, կ՛ըսէ զրուցակիցին (3): Նման այտայայտութիւններ ունեցած է նաեւ այլուր (4):  Վերջերս «Վանայ Ձայն»-ի հետ տեսակցութեան մը ընթացքին Փիեռ Շամմասեան եւս ունեցած էր նման արտայայտութիւն: «Տխուր հտպիտի տարաբանութեան» (The sad clown paradox) շուրջ կայ ընդարձակ ակադեմական գրականութիւն:

Համացանցի վրայ հասանելի սուղ տեղեկութենէն դատած, նախքան քաղաքացիական պատերազմ եւ գաղթ դէպի Քանատա, Պէրպէրեան իր վկայութեամբ եղած է «յառաջդիմական», devout  (ջերմեռանդ) ընկերվարական մը: Բայց ինչպէս վերը ներկայացուած ամփոփումները ցոյց կու տան, Քանատայի մէջ իր հեղինակած եւ բեմադրած առաջին իսկ գործերը կը հակին դէպի ցաւոտ, անհեթեթ հիւմըր: Պէրպէրեան այնուհետեւ յուսախաբ է, վերածուած` յոռետես մարդասէրի մը (5): Կեանքը, իրավիճակը «աղբակոյտ» մըն են, բայց

«հոսանքի դէմ լողալէն յոգնած»` Պէրպէրեան այլեւս չի փորձեր այդ հսկայ աղբակոյտը մաքրել, վերացնել: «Կեանքի աղբակոյտին մէջ, ձեռքերս սոթտած բաներ կը փնտռեմ եւ գտածս թեթեւ մը կը ցօղուեմ եւ շուրջիններուս ցոյց կու տամ»,  ըսած է թղթակիցին: Կ՛իմանամ, որ Պէրպէրեան կեանքի վերակոչած է «Հայկական յանկարծաբանութիւն (Armenian Improv) թատերախումբը, որուն ելոյթները անկրկնելի են, որովհետեւ բացայայտ երկխօսութեան կը մտնեն տուեալ օրուան սրահին հետ: Հեռանալէ առաջ հարկ է ընել Պէրպէրեանի նկարչութեան բնութագրումը: Կողքին ցոյց տրուած երկու պաստառները կը կրեն որոշ յատկանիշներ. առաջին հերթին կը նկատենք կցկտուր գրութիւններ, որոնց մեկնաբանութիւնը պարզ չէ: Կան իր մենախօսութիւններու վերնագրերը նմանակող բառեր, ինչպէս` «հաւանաբար», «թերեւս» (maybe), «POM», օրինակ, կրնայ կրճատումը ըլլալ «նուռ»-ի (Pomegranate), որ չարչրկուած խորհրդանիշ մը դարձած է: Աջ կողմի պաստառին մէջ ուրուականային դէմքը կրկին անխնայ շահարկուած Կոմիտասը յիշել կու տայ: Իսկ ձախ կողմի վրայ կրնանք տեսնել «բեմական» պատկեր մը, ուր ստուեր մը (Պէրպէրեան նուազապաշտ է) կը հեռանայ հրավառութենէ: Պարզ է, որ ցաւոտ հեգնանքը առկայ է, բայց անձնապէս չեմ հանդիպած այս ուղղութեամբ որեւէ մասնագիտական վերլուծումի:

Լեզուական.- Ինչպէս «Վարդագոյն փիղ»- «հռչակագիրին» մէջ շեշտուած է, Պէրպէրեան ջատագով է խօսակցակա՛ն լեզուի, որուն հիմքը պուրճհամուտեան (Կիլիկեան) բարբառն է` համեմուած լոսանճելըսեան նորամուտ եզրերով: (Ելոյթին մէջ ամերիկեան «C» նիշը, օրինակ, փոխարինուած էր «60»-ով): «Վանայ Ձայն»-ին հետ տեսակցութեան ընթացքին Պէրպէրեան յայտնեց, որ այդ բարբառը ընտրած է ի հեճուկս խոր ցաւի: Բարի՛, կը ցաւակցիմ: Ի դէպ, երկխօսութեան մէջ կը լսուին քանի մը տասնեակ հայատառ թրքերէն, առաւել` քերականա-շարահիւսական սխալախօսութիւններ, որոնք (ցաւօք) շատ հարազատ եւ դիպուկ կը հնչեն: Հասկնալիօրէն բացառութիւն են Հայկ-Սոնա բախումի պատկերներու կարգ մը նախադասութիւններ: Ի վերջոյ այդ  կերպարները միջին տարիքի մտաւորականներ են: Շա՛տ բարի: Այսուհանդերձ, համոզումս այն է, որ կարելի էր զեղչել հայհոյանքները, գօտիէն վար ակնարկները եւ թրքերէնի որոշ տոկոսը` ԱՌԱՆՑ խորտակելու ասքի հարազատութիւնը (6):

Նոյն կապակցութեամբ կարելի է յիշել արտասանական հնչիւնախաղերը, որոնք թերեւս թատրերգութեան բնագիրին մէջ սպրդած են Պէրպէրեանի մենախօսական զուարճաբանութեան ոլորտէն. «հայկազ-կազ», «կրօն-մրոն»,  «ֆիւզ-ֆըզ-պըզ»,  «Մարիուանա-Մարի ինչեա՞ն», «մարսել-Մարսել» (որ ընդհակառակն` ծաղկեցուած էր ելոյթի ընթացքին) եւ այլն:

Կենսագրական, այլաբանական, ազգագրական եւ այլ ակնարկներ.- Բացի վերը` բնագիրի առնչութեամբ նշուած կենսագրական բացայայտ տարրերէն, թատրերգութեան մէջ տեղ գտած է գաղտնագիր: Թոռնիկին համար առաջարկուած անուններէն մին է «Արգիշտի»: Պէրպէրեանի հետ կապուած մարդիկ կրնան գիտնալ, որ այդ իր ե-նամակի հասցէն է: Թերեւս երկարատեւ մենակատար ելոյթներու որպէս հետեւանք` Պէրպէրեան հակամէտ է ներառելու բազմաթիւ կողմնակի ակնարկներ: Այստեղ առաջնակարգ  տեղ կը գրաւէ սփիւռքի ինքնութեան հարցը: Առաջնակարգ է նաեւ մա՛հը (գերեզմանի հող, հոգեճաշ, քահանայի  վերջին օրհնութիւն…): Տեղ գտած էին առնուազն երկու ակնարկ սնոտիապաշտութեան: Հայկի «զարթօնք»-ի նախօրէին մայրը կը պատմէ երազ, ուր սպիտակ շուն մը իրենց տան դրան առաջ կեղտոտած է: Մասնագէտ չեմ, տարեցներէն լսած եմ, որ աղտը բարի նշան է: Իսկ սպիտակ շունը կը համարուի անդենականի աւետաբեր սուրհանդակ: Սոնա, իր կարգին, կը պատմէ երազ, ուր իր ակռաները բերնէն վար կը թափին: Այդ ի հարկէ հոգեբանական բացատրութիւն ունի:  Ինչպէ՞ս կարելի է «կեանքը խածնելով ապրիլ», երբ կը կորսնցնես ակռաներդ: Միջինարեւելեան սնոտիապաշտութեան մէջ, սակայն, ակռայ կորսնցնել` կը նշանակէ հարազատներու մահ: Երկիմաստ երազ: Շա՛տ բարի:

 

Թերեւս իր առօրեայ փորձերէն ստացած դառնութեան որպէս հետեւանք` իր ասքը միջին (եւ քիչ մըն ալ վար) մտային կարողութեան եւ զարգացումի տէր հանդիսատեսին հասցնելու նպատակով Պէրպէրեան չափազանց  լայն տեղ տուած է «բացատրողական» պատգամալից մենախօսութիւններու (9): Ո՛չ բարի: Բեմահարթակէն կրկին ու կրկին բացագանչուող «առօրեայի քոմայէն դուրս գալու» պատգամը լսեցին հեռաւոր պատերն իսկ: Այդ, մեղմ ըսուած, յարիր չէ թատրոնի առաքելութեան եւ նոյնիսկ` անախորժ, որովհետեւ պատասխաններ կը ջամբուին` փոխանակ ուղեցոյց  հարցադրումներ հրահրելու:

 

 

(Շարունակելի)

 

(1).- Ինչպէս` պատերազմի «անհեթեթութիւն», լեզուի անբաւարարութիւն (անհեթեթի դրոյթ), բեմական լեզու, սեռային հարցերու բեմականացում, հայապահպանում, դերակատարներու հոգեկան բեկումներ, Երկնային հօր հանդէպ եւն, եւն, եւն…

 

(2).- Ինքնաշարժի արկածը ձեռնտու է թատրերգութեան մէջ, որովհետեւ կը պատահի բեմէն դուրս: Ընթերցողը շատ հաւանաբար ծանօթ է ականաւոր օրինակին` շրջուն վաճառորդ Վ. Լոմանի:

 

(3).- «Մենախօս-կատակերգակ Վահէէն անդին», «Ազդակ», 17 փետրուար 2014

 

(4).- «The Irreverent Genius of Vahe Berberian» The Armenian Mirror Spectator, 15 մարտ 2014:

 

(5).- Պէրպէրեան կը թուի որդեգրած ըլլալ ամերիկեա՛ն մտայնութիւն: Բնագրին մէջ «քաղաքական»-ը բաժնած է «ընկերային»-էն: Քաղաքականը թերեւս կը վերաբերի հանրապետական-դեմոկրատ ընտրապայքարին, իսկ ընկերայինը` կենցաղային հարցերու: Այս յեղափոխական կեցուածք չէ: Ի դէպ, յեղափոխական կեցուածք չեն նաեւ յոռետեսութիւնը եւ անկէ բխած անհեթեթը:

 

(6).- Ինչպէս` փեզեւենկ (կրկնուած), սիքթիրիճի, ճիւեր, խիառ, մայասըլ,  ք–ք ուտել, մայրը —ել,  եւ այլն: Ի դէպ, կան թրքախօսութիւններ, ինչպէս` «եթէ գրելու ըլլաս», «խօսք ըսելով խօսիլ», «դժուարութեամբ կերցնել», «սխալութիւն»: Ինչպէս եւ թերեւս ֆրանսերէնէ կամ այլ օտար լեզուներէ ընկալուած քերականական շփոթ` կամ, թէ, եթէ շաղկապներու սխալ գործածութեան:

 

(7).- Alfredo Catalani-ի՛s (1854-93) վերջին օփերան: Իտալերէն բնագրին մէջ «Ebben? Ne andrò lontana»

 

(8).- Երաժշտութեան հեղինակը եւ հաւանաբար նաեւ տուտուկի կատարումը կը պատկանին վաղամեռիկ Վաչէ Յովսեփեանի (1925-1978):

 

(9).- Բնագրին մէջ մանրամասն ցուցմունքներ կու տայ նաեւ բեմադրիչին եւ դերակատարներուն: Ինչեւիցէ:

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Ժամանակն Է Դատ Բանալու Թուրքիոյ Դէմ. Ցեղասպանութեան Յաւելեալ Ճանաչման Կարիք Չկայ

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?