Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Բանակցային Կանոններու Պարտադրանքը

Յունիս 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ-Իրան հիւլէական թղթածրարի հարցով բանակցութիւններու 6-րդ փուլի սեմին, Իսրայէլ հրթիռակոծեց իրանեան տարածքներ եւ թիրախաւորեց զինուորական եւ գիտական մարդուժի բարձրագոյն դէմքեր:

Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններէն եւ ենթադրեալ արդիւնաւորումէն անհանգիստ էր Թել Աւիւ: Մինչ վերիվայրումներու կ՛ենթարկուէին բանակցող կողմերէն հնչած յայտարարութիւնները, մերթ լաւատեսական լիցք հաղորդելով գործընթացին, մերթ իրար մեղադրելով բանակցութիւններու հաւանական ձախողման:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը որոշ առումով լոյս կը սփռէ պատահարներուն վրայ: Ուրեմն: Միացեալ Նահանգներու նախագահը զգուշացուցած է, որ հետեւանքները շատ աւելի ծանր կ՛ըլլան, քան կը պատկերացուի: Բայց դեռ ժամանակ կայ` կանխելու այս կոտորածը, որովհետեւ յաջորդ` աւելի դաժան յարձակումները արդէն ծրագրուած են: Իրանը պէտք է համաձայնագիր կնքէ, որպէսզի փրկէ այն, ինչ որ ժամանակին յայտնի էր իբրեւ Իրանական կայսրութիւն:

Այս բոլորը կը նշանակեն, որ Իրանը պէտք է համաձայնի Միացեալ Նահանգներու կանոններով ընթացող բանակցութեան եւ իր ստորագրութիւնը դնէ ամերիկեան խմբագրումով ձեւակերպուած փաստաթուղթին տակ:

Այս բոլորէն օր մը առաջ նոյն նախագահը ըսած էր, թէ կ՛ուզէ համաձայնագիր կնքել Իրանի հետ: Թէ` կողմերը  շատ մօտ են համաձայնագիրին, եւ պիտի չուզէր, որ Իսրայէլը միջամտէ եւ խանգարէ գործընթացը:

Հիմա արձանագրենք նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարածը առ այն, որ իր կառավարութիւնը  տեղեակ եղած է  սպասուած գործողութիւններուն մասին, բայց ներգրաւուած չէ այս գործընթացին:

Պարզացնենք ըսուածները: Ուաշինկթըն Իրանի հետ համաձայնելու սեմին է, բայց մտահոգ է, որ Իսրայէլ կրնայ միջամտել եւ խանգարել, թէեւ տեղեակ եղած է նախապէս սանձազերծուած գործողութիւններուն մասին:

Դժուար է պատկերացնելը, որ Իսրայէլ առանց Միացեալ Նահանգներու համաձայնութեան յարձակում գործած է Իրանի վրայ: Պաշտօնական յայտարարութիւններուն համաձայն սակայն, Ուաշինկթըն տեղեակ պահուած է, առնչութիւն չէ ունեցած, նոյնիսկ համաձայն ալ պէտք չէ եղած ըլլայ, այդուհանդերձ Իսրայէլ յարձակած է:

Այս հանգամանքները կը պարզեն հետեւեալ կացութիւնը: Իրանի արտատարածքային յենակէտերը հարուածելէ ետք (Լիբանան, Սուրիա, Կազա, Իրաք եւ Եմէն), Իսրայէլ համեմատաբար ծաւալուն-թիրախային յարձակում կը գործէ Իրանի վրայ: Ռազմական այս գործընթացին զուգահեռ կ՛ընթանայ բանակցային գործընթաց:

Յարձակումը կանոններու պարտադրանք է. հիւլէականի օրակարգով ընդհանրապէս Իրանը թոյլ պետութեան վերածելու առաջադրանքն է, որ փուլ առ փուլ կ՛իրականացուի տարածաշրջանին մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Յարգանք` Հայրենիքի Ազատութեան Համար Նահատակուած Քսան Կախաղաններուն

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 203-ի Լուծում

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?