«24Նիուզ», յղում կատարելով իր բարձրաստիճան դիւանագիտական աղբիւրին, հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 յունիսին պիտի մեկնի Անգարա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
«Թերթ» վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեանին հարցուցած է` արդեօք Փաշինեանի Անգարա այցելութիւնը կը նախատեսուի՞:
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի բոլոր միջազգային այցելութիւններուն մասին ժամանակին կը տրամադրուի պատշաճ տեղեկատուութիւն», պատասխանած է Բաղդասարեան: