ՏՕՆ
ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՀՈԳՒՈՅՆ ՍՐԲՈՅ
ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
100 ԴՊԻՐ-ԴՊՐՈՒՀԻՆԵՐՈՒ,
15 ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ԵՒ 6 ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ
Ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Տեղի կ՛ունենայ`
ՍՈՒՐԲ ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ԿԻՐԱԿԻ, ՅՈՒՆԻՍ 8 2025-ԻՆ,
ԿԷՍՕՐԷ ԵՏՔ ԺԱՄԸ 5:00-ԻՆ,
յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի
Եզակի այս առիթով`
սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից դառնալու Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող դպիր-դպրուհիներու, կիսասարկաւագներու եւ սարկաւագներու ձեռնադրութեան հոգեպարար արարողութեան
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
Հաւաքական ձեռնադրութեան համար փոխադրակառքեր պիտի ապահովուին ժամը 4:15-ին հետեւեալ վայրերուն մէջ.
– Ս. Յարութիւն եկեղեցի, Ռմէյլ
– Ս. Գէորգ եկեղեցի, Պանք Պէյրութի մօտ
– Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
– Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
– Ս. Սարգիս եկեղեցի
– Ս. Աստուածածին եկեղեցի
– Ֆանարի Ս. Երրորդութեան մատուռ
————————————–
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՍՐՏԱԲՈՒԽ ԱՂՕԹԱՇԱՐ
ԱՌՕՐԵԱՅ ԲԱԶՄԱԲՆՈՅԹ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ
ԵՒ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԸՍՈՒԱԾ»
Հեղինակ` ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Հալէպ, 2025
***
«ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՅՔԱՐԸ ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՒ
ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ` ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (1895-1918)»
(Արաբերէնով)
Հեղինակ` ԴՈԿՏ. ՀՈՒՏԱ ՖԱՀՍ
Հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի, թիւ 19
Տպարան կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս, 2025
————————————–
ԳՈՐԾԻ ԱՌԻԹ
Հայ աւետարանական գոլէճը (Հայկազեան համալսարանին կից) աշխատանքի կը հրաւիրէ աշակերտ հաւաքագրողներ (recruiters), որոնք
- . Ունին համոզիչ լեզու
- Դիւրահաղորդ եւ ընկերային են
- Կը տիրապետեն կազմակերպչական հմտութիւններու
Հետաքրքրուողներ կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել principal@aecbeirut.edu.lb հասցէին:
Նպատակայարմար նկատուած թեկնածուներուն ժամադրութիւն պիտի տրուի տնօրէնութեան հետ տեսակցութեան համար: