Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Թեհրանն Ու Ուաշինկթընը Տակաւին Հիւլէական Գործարքէն Հեռու Են»

May 31, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանն ու Միացեալ Նահանգները իրականութեան մէջ այնքան ալ մօտ չեն հիւլէական խնդիրի լուծման, ինչպէս լրատուամիջոցները կը գրեն: Այս մասին ընկերային ցանցի վրայ յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի:

Նախարարը աւելցուցած է, որ Իրան կը ձգտի դիւանագիտական լուծման, որ պիտի համապատասխանէ բոլոր կողմերու շահերուն: Սակայն, ըստ անոր, նման լուծումը կը պահանջէ մշակումը համաձայնագիրի մը, որ կը ներառէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերացում եւ խաղաղ նպատակներով իւրանիոմի հարստացման արտօնութիւն:

«Սի.Էն.Էն.»-ն ու շարք մը այլ արեւմտեան լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը մօտիկ ապագային կրնան համաձայնագիր կնքել Իրանի հիւլէական խնդիրի լուծման շուրջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ իր վարչակազմը «շատ մօտ է իրանեան հիւլէական խնդիրի լուծման» եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն զգուշացուց Իրանի դէմ որեւէ քայլ կատարելէ:

Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ Նեթանիահուին ըսած է, թէ Իրանի դէմ որեւէ քայլ «անյարմար է»:

Միւս կողմէ, կառավարական շրջանակներուն մօտիկ Ծոցի շրջանէն երկու աղբիւրներ եւ իրանցի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտելազիզ թագաւորը իր որդին` պաշտպանութեան նախարար Խալետ Պըն Սալման իշխանը անցեալ ամիս Թեհրան ուղարկած է իրանցի պաշտօնատարներուն փոխանցելու յստակ պատգամ մը` ընդունեցէ՛ք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ լրջութեամբ բանակցելու առաջարկը, որովհետեւ անիկա Իսրայէլի հետ պատերազմէ խուսափելու միակ միջոցն է:

Խալետ իշխանը, որ նախապէս Թրամփի առաջին նստաշրջանի ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանն էր, 17 ապրիլին Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ զինեալ ուժերու սպակայոյտի պետ Մոհամետ Պաքրիի ներկայութեամբ դռնփակ ժողովի ընթացքին զգուշացուցած է իրանցի պաշտօնատարները, թէ Սպիտակ տան ղեկավարի համբերութիւնը երկարատեւ չէ եւ երկարաշունչ բանակցութիւններու չի տոկար:

Ան ըսած է, թէ Թրամփի խումբը կ՛ուզէ արագօրէն համաձայնութեան հասնիլ, եւ դիւանագիտութեան պատուհանը շատ արագ պիտի փակուի, ուստի աւելի լաւ է Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւն գոյացնել, քան գտնուիլ բանակցութիւններու տապալման պարագային իսրայէլեան յարձակումի հաւանականութեան առջեւ:

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Պաղեստինեան Պետութեան Պայմանաւորեալ Ճանաչումը Բարոյական Պարտաւորութիւն Եւ Քաղաքական Պահանջ Է»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Կազայի Մէջ 60-Օրեայ Զինադադար Կ՛առաջարկեն

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիան Քոնկրեսի Հաստատած  Պատժամիջոցներէն Զանց Կացուցող  Հրամանագիր Մը Ստորագրեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիան Քոնկրեսի Հաստատած Պատժամիջոցներէն Զանց Կացուցող Հրամանագիր Մը Ստորագրեց

October 19, 2026
Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն  Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած

October 19, 2026
Թրամփ «Ամբողջական Եւ Բացարձակ»  Զօրակցութիւն Յայտնեց Նեթանիահուին`  Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածութեան
Միջազգային

Թրամփ «Ամբողջական Եւ Բացարձակ» Զօրակցութիւն Յայտնեց Նեթանիահուին` Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածութեան

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.