Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Հոգեւորականութեան Մասնակցութիւնը 1918-ի Մայիսեան Հերոսամարտերուն

Մայիս 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գէորգ Ե. կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերուն, Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդին համար կենաց մահու օրհասական այդ օրերուն, զինուորներուն, կամաւորներուն եւ հրամանատարներուն կողքին մէկ ձեռքով խաչ ու միւս ձեռքով սուր բռնած մարտնչեցաւ նաեւ հայ հոգեւորականութիւնը:

Հայ եկեղեցին պատմութեան ընթացքին միշտ հանդիսացած է ազգային ինքնութեան պահպանման միջնաբերդը:

Օտար տիրապետողներ Հայաստանը նուաճելու եւ հայ ժողովուրդը ձուլելու իրենց նպատակի իրագործման իբրեւ առաջին քայլ փորձած են հարուածել հայ եկեղեցին:

Ռուս ցարական կառավարութիւնը 1903-ին փորձեց հարուածել հայ եկեղեցին, որովհետեւ անոր բարձր հեղինակութիւնը

եւ հայապահպանման գործը չէին համապատասխաներ կառավարութեան ռուսացման ծրագիրներուն:

Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, թուրք ջարդարարները յատուկ հետեւողականութեամբ ձեռնամուխ եղան հայ հոգեւորականութեան բնաջնջման:

* * *

Ռուսիոյ մէջ 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք, Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրուած տարածքներէն ռուսական զօրքերու հեռացման պայմաններուն տակ, 29 դեկտեմբեր 1917-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանական ժողովը զեկուցագիր յղեց Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին` տեղեկացնելով, որ միաբանները որոշած են ռազմաճակատ մեկնիլ, թէ՛ հոգեւոր, եւ թէ զինուորական ծառայութիւն իրականացնելու, ուստի վեհափառին թոյլտուութիւնը խնդրեց:

Քաղաքական եւ ռազմական անբարենպաստ պայմաններու տակ, քանի մը օր առաջ` դեկտեմբեր 21-ին, կաթողիկոսին որոշումով Գէորգեան ճեմարանին մէջ առժամաբար դադրեցուած էին դասաւանդութիւնները եւ Ճեմարանի շէնքը զինուորական հրամանատարութեան տրամադրուած էր:

Իրենց կարգին, ճեմարանի սաները ռազմաճակատ մեկնելու թոյլտուութիւն խնդրեցին կաթողիկոսէն:

Հայ հոգեւորականները ռազմաճակատ կը մեկնէին թէ՛ մարտական ծառայութիւն կատարելու, թէ՛ ժողովուրդին օգնելու, եւ թէ վանքերէն ձեռագիր մատեաններ հաւաքելու ու Էջմիածին տեղափոխելու համար:

Թրքական զօրքերը արագօրէն կը յառաջանային, եւ ռազմաճակատի գիծը օրըստօրէ կը մօտենար Արարատեան դաշտին:

Թրքական բանակը 1918 մայիս 15-ին յանկարծակի յարձակումով գրաւեց Ալեքսանդրապոլը եւ շարժեցաւ դէպի Արարատեան դաշտ: Հայ ժողովուրդի գլխուն կախուեցաւ ստոյգ բնաջնջման վտանգը:

Ստեղծուած օրհասական կացութեան ի տես բազմաթիւ հոգեւորականներ սկսան շրջիլ գիւղերը եւ յորդորեցին գիւղացիները հնարաւոր բոլոր միջոցներով աջակցիլ պաշտպանութեան եւ չխուսափիլ զօրահաւաքէ:

Սուրբ Էջմիածնի միաբանական ժողովներու ատենապետութիւնը, քննարկելով հայրենիքին սպառնացող ծանրագոյն իրավիճակը, որոշեց ազգին կարիքները հոգալու համար նիւթական անսահմանափակ օգնութիւն ցուցաբերել:

Ռազմաճակատներուն վրայ իրավիճակը օրէ օր եւ ժամէ ժամ կը փոխուէր: Թրքական զօրքերը հասան Սարդարապատ եւ մօտեցան Վաղարշապատի:

Նկատի ունենալով Սուրբ Էջմիածնի սպառնացող վտանգը, Արամ Մանուկեան ու Երեւանի զինուորական պարետ Արշաւիր Շահխաթունի այցելեցին Գէորգ Ե. կաթողիկոսին եւ խնդրեցին մեկնիլ Բիւրական:

Սարդարապատ մեկնող հոգեւորականներ եւ զինուորներ

Գէորգ Ե. կաթողիկոս կտրականապէս մերժեց` ըսելով. «Ուրեմն վիճակը ծանր է: Ո՛չ տղերքս, հայոց կաթողիկոսը նահանջողը չէ»:

Վեհափառը հրամայեց օր ու գիշեր հնչեցնել բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը, ապա հոգեւորականներուն հետ մտաւ Մայր տաճար, ծունկի եկաւ Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ եւ աղօթեց:

Վեհափառը ժողովուրդի ներկայութեան երդում ըրաւ համընդհանուր նահանջի պարագային անգամ մնալ եւ անձամբ, առանձինն պաշտպանել Սուրբ Էջմիածինը:

Վեհափառը ըսաւ. «Ասացէ՛ք հայ բանակին, թԷ` ես տեղիցս չեմ շարժւում: Ես չեմ թողնում Սուրբ Էջմիածինը: Եթէ մեր զինուորները նրան չեն կարողանում պաշտպանել, եւ թուրքերը մտնելու են Սուրբ Էջմիածին, իմ դիակը պիտի գտնեն Սուրբ Իջման սրբավայրում»:

Գարեգին եւ Զաւէն եպիսկոպոսները խնդրեցին վեհափառին թոյլտուութիւնը` հայոց բանակը առաջնորդելու:

Վեհափառը դիմելով անոնց` նշեց. «Գնացէ՛ք, ասացէ՛ք զինուորներին, որ նրանք պատասխանատու են բոլոր հայերի կեանքի համար. մենք ոչ ոք չունենք մեր կողքին, բացի Քրիստոսից, որ մեր միակ ուժն է եւ մեզ օրհնում է»:

* * *

Գէորգ Ե. կաթողիկոս կ՛օրհնէ Սարդարապատ մեկնող կամաւորները

Գէորգ Ե. կաթողիկոս կոչով մը դիմեց ժողովուրդին, ուր կ՛ըսէր.

«Ա՛զգ հայոց, թուրքը` մեր բանական հօտի դարաւոր թշնամին, նուաճել է Ալեքսանդրապոլը, շարժւում է դէպի սիրտը մեր երկրի, մեր հաւատի,
մեր կենսագրութեան: Գալիս է Արարատեան Երկրի վրայ:

«Թուրքը, կոտորած ու աւեր փռելով գալիս է, եւ մեր զօրապետերն էլ այլ ելք չեն գտնում այդ աղէտից, քան հայոց հայրապետին փախուստի մղել: Նրանք ինձ առաջարկում են ոսոխի բերանին թողնել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, մեր սրբարանը, հայ ժողովրդի վերջին կտորը:

«Ո՛չ եւ ո՛չ: Հազար անգամ ո՛չ: Ես չեմ լքի մեր սուրբ նախնիներից աւանդ մնացած Մայր Աթոռը: Եթէ հայ ժողովուրդը չի կարող թշնամու առաջխաղացումը կասեցնել, եթէ ի զօրու չէ փրկելու մեր սրբութիւնները, ապա ես ինքս սուր կը վերցնեմ եւ կ՛ընկնեմ Մայր Տաճարի գաւիթում, բայց չեմ հեռանայ պապերից աւանդ մնացած Սուրբ աթոռից:

«Իսկ եթէ եկել է վերջը, ապա այն ինչո՞ւ չընդունենք պատուով ու քաջութեամբ, եւ ո՛չ թէ ողորմելի ստրուկի պէս ոսոխի առաջ սողալով: Մեր պատմութեան անցեալ դարերը լիքն են քաջութեամբ ներկուած նահատակների արեամբ: Դրանով չի սպառուել մեր արիւնը եւ ուժը: Դարեր շարունակ հայ ազգն ապրել է ինքնութեան համար պայքարելով: Դրա համար է, որ զանգուածային կոտորածներով հարուստ մեր կենսագրութիւնը չի՛ ունեցել եւ չի՛ ունենայ վերջին վերջակէտ:

Ուրեմն էլ ինչո՞ւ ազգովին չբարձրանանք թշնամու դէմ, որը գալիս է ծարաւ մեր վերջին արիւնին»:

* * *

Զօրքին մարտական ոգին բարձրացնելու նպատակով Գարեգին եպիսկոպոս Յովսէփեանց (հետագային Գարեգին Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) եւ Զաւէն եպիսկոպոս Մահտեսի Բաբայեան Սարդարապատի ռազմաճակատ մեկնեցան:

Անոնք նախապէս եղած էին դիրքերու մէջ եւ փորձառութիւն ձեռք ձգած էին: Զաւէն եպիսկոպոս, իբրեւ Էրզրումի առաջնորդ, Երզնկայէն մինչեւ Արարատեան դաշտ յաճախ ռազմաճակատի առաջին գիծերուն վրայ եղած էր. ան յայտնի նշանաձիգ էր եւ աչքի ինկած էր Վանի հերոսամարտի ժամանակ:

Գարեգին եւ Զաւէն եպիսկոպոսներ միացան հինգերորդ գունդին, որ ստացաւ մահապարտներու գունդ անուանումը: Անոնց հետ էին նաեւ Եզնիկ վարդապետ Ներկարարեան, Թադեւոս վարդապետ Յարութիւնեան եւ Յովհաննէս վարդապետ Տէր Միքայէլեան` իրենց հաւաքագրած հինգ հարիւր մահապարտներով:

Գարեգին եպիսկոպոս իբրեւ նոր Ղեւոնդ Երէց կը շրջէր դիրքերը եւ հրաշունչ ճառերով կը բարձրացնէր զօրքերուն տրամադրութիւնները:

Սարդարապատի ճակատամարտին գործօն մասնակցութիւն բերին նաեւ Թազա (այժմ` Նոր գիւղ) գիւղի Զաքար քահանայ Տէր  Յարութիւնեան, Գրամփա (այժմ` Ծիածան) գիւղի Յովհաննէս քահանան եւ Ջաֆարապատ (այժմ` Արգաւանդ) գիւղի Սահակ քահանան:

* * *

Բաշ Ապարանի ճակատին վրայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործը ստանձնեցին  Յովհաննէս եւ Տաճատ քահանաները` իրենց կազմած աշխարհազօրային ջոկատներով: Յովհաննէս քահանայ Տէր Մինասեան ռուսական զինուորական դպրոց աւարտած եւ ենթասպայ եղած էր: Ան մէկ ձեռքը խաչ եւ միւս ձեռքը մաուզեր բռնած օրհնեց զօրքը:

Բաշ Ապարանի ճակատին վրայ առաջին գնդակները արձակեցին Յովհաննէս եւ Տաճատ քահանաներուն խումբերը:

Յովհաննէս քահանայ Գիւլլուջա (այժմ` Վարդենիս) գիւղի շրջակայքին մէջ բացօթեայ Սուրբ պատարագ մատուցեց: Պատարագէն ետք ան առաջնորդեց զօրքը Նիգաւան-Ճահճուտ-Միրաք հատուածին մէջ, որ առաջնագիծն էր: Յովհաննէս քահանայ անձամբ վարեց մարտերը Մուլքի-Սարալանջ հատուածին մէջ:

Տաճատ քահանայ ծառայած էր ռուսական բանակին մէջ, ծանօթ էր զինատեսակներուն եւ կը տիրապետէր մարտական կանոններուն: Անոր ռուսերէնով արձակած հրամանները խուճապ յառաջացուցին թուրքերուն մօտ, որոնք կարծեցին, թէ ռուսերուն դէմ կը կռուին:

Բաշ Ապարանի Ռաֆայէլ քահանան Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցեց, որմէ ետք կռուող ուժերը ճակատ առաջնորդեց: Ան վիրաւորուեցաւ կռուի տաք պահուն:

Բաշ Ապարանի վրայ երբ յարձակումը սաստկացաւ Համամլուի (այժմ` Սպիտակ) կողմէն,  Տաճատին առաջինը օգնութեան հասաւ Գիւլլուջա գիւղին ջոկատը` Յովհաննէս քահանային  գլխաւորութեամբ: Այնուհետեւ հասան Դովրի գիւղին ջոկատը` Գրիգոր քահանային գլխաւորութեամբ եւ Փարպիի ջոկատը` Գէորգ քահանային գլխաւորութեամբ:

Ղազնաֆար (այժմ` Արագած) գիւղին ջոկատը կը ղեկավարէր Դանիէլ քահանայ Տէր Դանիէլեան, որուն հրամանատարութեան ներքեւ համախմբուած էին Շիրաղալա (այժմ` Վարդենուտ), Բլխեր (այժմ` Շէնաւան) եւ Թաքառլու (այժմ` Ծաղկաշէն) գիւղերու կռուողները: Քուչակի կռուողներու խումբը կը գլխաւորէր Յարութիւն քահանայ:

* * *

Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին հայ կամաւորներու ջոկատները կ՛առաջնորդէր Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Տէր Մովսիսեան:

Դարպաս գիւղի Կոմիտաս քահանայ Սարգսեան քանի մը գիւղերու կռուող ուժերը համախմբելով դիմադրութիւն կազմակերպեց Ղարաքիլիսէի մատոյցներուն մօտ:

Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Տէր Մովսիսեան 1914-ին, երբ Վրաստանի ու Իմերիթիայի առաջնորդն էր, գործօն մասնակցութիւն ունեցած էր կամաւորական գունդերու կազմաւորման մէջ: Ան միշտ մնացած էր ժողովուրդի կողքին: 1917-ին Աստրախանի թեմի առաջնորդ նշանակուած էր: Իր ժողովուրդն ցաւերով տառապող Մեսրոպ մագիստրոս սրբազան, հայրենիքին եւ ազգին սպառնացող 1918-ի մայիսեան այդ օրհասական օրերուն շտապած էր ճակատ: Ան իր նիւթական ամբողջ ունեցուածքը տրամադրեց, ինչպէս նաեւ հանգանակութիւն կատարեց հայ մարտիկներուն, նաեւ` վիրաւորներուն եւ Արեւմտեան Հայաստանէն տեղահանուածներուն ու որբերուն համար:

 

 

 

Նախորդը

Ամերիկեան Պատուիրակութեան Մը Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Աուն. «Յունիսի Կիսուն Պէյրութի Պաղեստինեան 3 Գաղթակայաններու Մէջ Պիտի Սկսի Զէնքի Գոյութեան Հարցը Լուծելու Աշխատանքը»

Յաջորդը

Իտէալիզմի Եւ Մեկուսացման Միջեւ – Աւետիս Ահարոնեանի Վերջին Ուղերձը Ազգերու Լիկային 1932 Թ.

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?