Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 107-Ամեայ Պետականութիւնը

May 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

28 մայիս 1918-ը ժամանակակից Հայոց պատմութեան հիմնաքարը հանդիսացաւ: Արամ Մանուկեան իր հեռատես մօտեցումով կրցաւ ստեղծել եւ հիմը դնել պետութեան մը, որ ժայռի վրայ հասակ առաւ եւ կրցաւ գոյատեւել ու դէմ դնել պատմութեան զանազան տեսակի մարտահրաւէրներուն:

Այսօր աշխարհի քաղաքական կանոնները եւ օրէնքները մեծ փոփոխութեան կ՛ենթարկուին: Եթէ կ՛ուզենք իրապաշտութեամբ մօտենալ  համաշխարհային ամբողջ պատկերին, ապա պիտի տեսնենք, որ ամէն տեսակի օրէնք փոփոխութեան կ՛ենթարկուի աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ, եւ այս փոփոխութիւնները ինքնաբերաբար իրենց  ուղղակի թէ անուղղակի ազդեցութիւնը պիտի ունենան ամէնուրեք:

Եթէ պատմութիւնը լաւ սերտենք եւ համեմատենք մեզ ուրիշ ազգերու հետ, որոնք հայոց նման ժամանակին հզօր պատմութիւն ունեցած են, ապա պիտի տեսնենք, որ ներկայիս պետականազուրկ վիճակի մէջ կը գտնուի անոնց մեծ մասը: Հետեւաբար բնական է, որ մենք զմեզ ձեւով մը բախտաւոր զգանք:

Բայց եւ այնպէս, երբեմն մարդ իր յաջողութիւններով գինովցած` առանց ծրագիրի եւ կարճատեսութեամբ կը գործէ: Երբ զգացական իրավիճակը էականը կը ծածկէ, ինքնաբերաբար անկումի ճանապարհը երեւան կու գայ:

Միշտ կը պարծենանք, որ առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը եղած ենք, բայց դժբախտաբար քրիստոնէութենէն շատ հեռացած ենք: Կը պարծենանք մեր պետութեամբ, բայց պետականութենէն շատ հեռացած ենք: Կը պարծենանք մեր ինքնութեամբ, բայց մեր ինքնութեան տէրը չենք: Կը պարծենանք միասնականութեամբ, բայց դժբախտաբար սփիւռք եւ Հայաստան կղզիանալով` մեզ բաժնած են տասնեակ մասերու եւ  հեռացուցած են իրարմէ: Քաղաքագէտ եւ դիւանագէտ դասելով մենք զմեզ, առանց քայլ պահելու մեր շրջապատին եւ աշխարհաքաղաքական տուեալներուն հետ, մեր գոյութիւնը անկումի կ՛առաջնորդենք:

Արդեօք արժանի չէի՞նք պետականութեան: Արդեօք արժանի չէի՞նք առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը ըլլալուն: Եթէ արժանի ենք մեր փառքերուն, հապա ինչո՞ւ տէր չենք անոնց: Տասնեակ տեսակի ահազանգներ հնչած են բարձր մակարդակի ամպիոններէն, բայց ի՞նչ օգուտ, երբ մտիկ ընող չէ մնացած:

Վերջին առիթն է մենք մեզ վերակենդանացնելու` իբրեւ ազգ եւ պետութիւն: Մեր բոլոր մակարդակի կառոյցները վերածնունդի կը կարօտին շուտով: Ամէն ինչ կորսնցնելէ ետք աւաղելը բանի մը պիտի չծառայէ:

 

 

 

 

Նախորդը

Իտէալիզմի Եւ Մեկուսացման Միջեւ – Աւետիս Ահարոնեանի Վերջին Ուղերձը Ազգերու Լիկային 1932 Թ.

Յաջորդը

Արեամբ Եւ Պողպատով. 1918 Մայիս 28

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.