ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով մասնաճիւղի վարչութիւնը զանազան մարզախաղերու մրցումներ կազմակերպած է:
Այս կիրակի տեղի պիտի ունենան ֆութպոլի մրցումները` հետեւեալ յայտագիրով.
Վաղը ժամը 16:00-ին, 10 տարեկանէն վար մրցաշարք`
Առաջին խաղ` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Երկրորդ խաղ` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄԸՄ Ժտէյտէ
Ժամը 17:00-ին, 14 տարեկանէն վար մրցում, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Ժամը 18:00-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի վեթերաններ – ՀՄԸՄ Անթիլիասի վեթերաններ
Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ֆութպոլի ակադեմիայի դաշտին վրայ:


