«Չափազանց յուզիչ էր այս այցելութեան ծիրին մէջ մեր երէկուան այցելութիւնը Արագածոտնի մարզ, ուր մենք հանդիպեցանք Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մարդոց, որոնք կը փորձեն վերականգնել իրենց կեանքը», այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Անիթա Տիմիթրիու:
«Մենք մեր կողմէ կը փորձենք աջակցիլ, օգնել, վերականգնել անոնց կեանքը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Սիմոնեանի հետ իր հանդիպումին` Տիմիթրիու յայտնեց. «Այսօրուան հանդիպումը յաւելեալ ապացոյց է մեր երկու երկիրներուն միջեւ գերազանց յարաբերութիւններուն: Այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Հայաստանը մեր սրտին մէջ է»:
«Կիպրոսը կը սատարէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին», ըսաւ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահը` յոյս յայտնելով, որ խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ նշուած կէտերը կարելի կ՛ըլլայ կեանքի կոչել:
Ըստ անոր, խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի օգնէ նաեւ Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցելուն:
«Երբ խաղաղութիւն կայ, իւրաքանչիւր երկիր կը բարգաւաճի եւ կը զարգանայ», աւելցուցած է Տիմիթրիու:
Ան աւելցուց, որ Կիպրոս կը սատարէ Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացման գործընթացին:
«Կ՛ողջունենք եւ լիակատար կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու խորացման, որովհետեւ Հայաստանը կը պատկանի Եւրոպական Միութեան: Կը վերահաստատեմ իմ ընկերոջս` Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանին, որ մենք ամէն ձեւով պիտի աջակցինք այս ընթացքին եւ այդ նախաձեռնութեան: Մենք ձեր կողքին ենք` դէպի Եւրոպա ձեր ճամբուն վրայ», ընդգծեց ան: