Կիրակի օր, «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրի պասքեթպոլի դաշտին մէջ, Լիբանանի եւ անցեալ տարուան Ուասլի տիտղոսակիր Ռիատի աւարտական մրցումին 104-77 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Իրանի Թապիաթ խումբը, յաջորդաբար 2-րդ տարին ըլլալով դարձաւ ախոյեան:
Քաջալերուած հազարաւոր համակիրներէն, Ռիատի 2-րդ մասէն կրցաւ իշխել խաղին վրայ եւ 3-րդ մասին հեռացաւ իր մրցակիցէն ալ` մրցաշարքը աւարտելով 13 յաղթանակներով եւ առանց պարտութեան:
Ուաէլ Արաքժի, որ ընտրուեցաւ Ուասլի «Էմ. Վի. Փի.» 28 կէտ եւ 6 էսիսթ կատարեց, մինչ Թոն Մէյքըր 20 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 3 պլոք կատարեց:
Մարքոս Հանթ 24 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ռիատիի, որուն խմբապետ Ամիր Սէուտ 13 կէտ նշանակեց:
Կիսաւարտականին Ռիատի 97-85 արդիւնքով յաղթած էր Շապապ Ահլիի, մինչ Թապիաթ 79-73 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Լիբանանի միւս ներկայացուցիչ Սաժեսը: Սաժես այս պարտութենէն ետք պաշտօնանկ ըրաւ իր յոյն մարզիչը եւ օգնականները: Մարզիչ նշանակուեցաւ Լինոս Կաւրիէլ, որ Պահրէյնի Մանամա խումբը կը մարզէր, որուն հետ Ուասլի տիտղոսը շահած էր 2023-ին:
Կիպրացի-յոյն մարզիչը պիտի փոխարինէ այլ յոյն Իլիաս Զորոսը, որ չկրցաւ սպասուած արդիւնքները ձեռք ձգել:
3-րդ դիրքի մրցումին, Սաժես 100-86 արդիւնքով յաղթեց Շապապ Ահլիին: