ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ`
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ
ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԱՆՎՃԱՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՖՐԵԶՆՈՅԻ
ՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Յառաջիկայ օրերուն, 20 մայիս 2025-էն սկսեալ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանի, յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով բժշկական անվճար ծառայութիւն պիտի մատուցեն լիբանանահայ գաղութին: Տարբեր մասնագիտութեանց բժիշկներ, ինչպէս` ներքին հիւանդութիւններ, մանկաբուժ, ատամնաբուժ, վիրաբուժ, միզային անցքերու, մարձումի մասնագէտ, ըստ իրենց մասնագիտութեանց «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ պիտի ընդունին քրոնիկ հիւանդութիւններէ տառապող, մանր վիրահատութիւններու կարիքը ունեցող, ոսկրայօդային ցաւերէ տառապող, ատամներու հարցեր դիմագրաւող հիւանդներ ու յատուկ պարագայ ներկայացնող երեխաներ եւ հոգատարութիւն ցուցաբերեն անոնց:
Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան այս նախաձեռնութիւնը անցնող երեք տարիներուն իր իւրայատուկ դերը ունեցաւ գաղութիս կեանքին մէջ: Անկասկած, այս տարի եւս այդ դերակատարութիւնը պիտի շեշտուի եւ իր մտայղացումով ու գործնականացումով եզակի բնոյթ պիտի ստանայ:
Լիբանանը հարուածող ընկերային, տնտեսական թէ առողջապահական ահաւոր տագնապին ընթացքին գաղութիս հայորդիներուն ընձեռուած այս աննման նախաձեռնութիւնն ու եզակի երեւոյթը պիտի գօտեպնդէ մեզ բոլորս եւ հաստատէ, որ լիբանանահայ գաղութը առանձին ու անպաշտպան չէ, այլ` ան սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մէկն է:
Արդարեւ, Ֆրեզնոյի հայ բժիշկներուն այս մարդասիրական ու բարեսիրական առաքելութիւնը լիբանանեան տագնապի մեր օրերուն յոյսի եւ ապահովութեան լաստ պիտի հանդիսանայ գաղութիս հայորդիներուն համար:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՊԱՅԾԱՌ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 մայիս 2025-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՅԱԿՈԲ ՇԱՄԼԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի 18 մայիս 2025-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՈՒՂԵՑՈՅՑ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ»
Հեղինակ` ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ
Պէյրութ, 2024
***
«ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ՀԲԸՄ-ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԵՐԿԱՄԵԱՅ-ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ (2023-2024)
Հրատարակութիւն` ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան
Խմբագրութիւն` ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ Տեղեկատուական գրասենեակի