Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ապու Տապիի մէջ իր Արաբական ծոց շրջապտոյտը աւարտելէն ետք նախագահական օդանաւին մէջ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանին յանձնած են համաձայնութեան գոյացման առաջարկ մը:
«Անոնք առաջարկ մը ունին, եւ աւելի կարեւորը այն է, թէ գիտեն, թէ պէտք է արագ շարժին, այլապէս վատ բան մը պիտի պատահի», նշեց Թրամփ: